ՇԱՀԱՆ ՆԱՃԱՐԵԱՆ ԿԸ ՍՏԱՆԱՅ «MODEL EUROPEAN UNION»-Ի «POSITION PAPER» ՄՐՑԱՆԱԿԸ

Երկրորդական բաժինի ԺԱ. դասարանէն խումբ մը աշակերտներ՝ Լոռի Եահնիյեան, Մարիա Գաբլանեան եւ Շահան Նաճարեան, մասնակցեցան LAU համալսարանի 2020-2021 տարեշրջանի MEU (Model European Union) նախաձեռնութեան: Այս ծրագրին ընթացքին Լիբանանի տարբեր դպրոցներէ եկած աշակերտներ կը խորացնեն իրենց գիտելիքները Եւրոպական Միութեան մասին եւ կը զարգացնեն փնտռտուքի, դիւանագիտական յարաբերութեան, հանրային հրապարակախօսութեան եւ…

ԳԻՐՔ ՆՈՒԻՐԵԼՈՒ ՕՐՈՒԱՆ ԱՌԹԻՒ

Գանատայէն եւ Ամերիկայէն խումբ մը Ճեմարանականներու սրտաբուխ նուիրատուութեամբ, Գիրք նուիրելու օրուան առիթով, Ճեմարանի ՀՕՄ֊ի Նորսիկեան մանկապարտէզի բոլոր աշակերտները նուէր կը ստանան Լալան ու Արան «Մեր գունաւոր աշխարհը» պատկերազարդ ու դաստիարակչական գրքոյկը։   Շնորհակալութիւն կը յայտնենք նուիրատուներուն:

ՏԱՐՐԱԿԱՆԻ ԱՇԱԿԵՐՏՆԵՐԸ ՏՕՆԵՑԻՆ ԲԱՐԵԿԵՆԴԱՆԸ

Երեքշաբթի, 9 Փետրուար 2021-ին, Տարրական բաժինի աշակերտները Բարեկենդանը տօնեցին առցանց։ Անոնք ծպտուած էին` օգտագործելով իրենց տրամադրութեան տակ գտնուող իրերը, զարդեղէնը,  կերպասները, զգեստներն ու խաղալիքները։ Շատերուն օժանդակ հանդիսացած էր իրենց վառ երեւակայութիւնը։ Բարեկենդանին փոքրիկները երգեցին, պարեցին, արտասանեցին, իրարու հանելուկներ ըսին եւ զարգացման մրցումի մասնակցեցան։ Անոնք առցանց հաճելի ժամանակ անցուցին…

ՄԱՆԿԱՊԱՐՏԷԶԻ ՓՈՔՐԻԿՆԵՐԸ ՆՇԵՑԻՆ ՎԱՐԴԱՆԱՆՑ ՏՕՆՆ ՈՒ ԲԱՐԵԿԵՆԴԱՆԸ

Երկուշաթի 8 եւ Երեքշաբթի 9 Փետրուար 2021-ին, մանկապարտէզի երեխաներուն մօտ կը տիրէր տօնական մթնոլորտ: Առցանց պայմաններու մէջ, անոնք իրենց դաստիարակներուն հետ ծպտուած, երգով ու պարով, նուագով ու խաղերով նշեցին Վարդանանքը եւ տօնեցին Բարեկենդանը: Ճիշդ է, որ երկրին մէջ կը տիրէ արտակարգ վիճակ մը, սակայն երեխայ եւ դաստիարակ նոյն…

Դ. ԴԱՍԱՐԱՆԻ ԱՇԱԿԵՐՏՆԵՐԸ ԱՌՑԱՆՑ ՆՇԵՑԻՆ ԲԱՐԵԿԵՆԴԱՆԸ

Երկուշաբթի, 8 Փետրուար 2021-ին, Նախակրթարանի Դ. դասարանի աշակերտները առցանց տօնեցին Բարեկենդանը:  Տօնակատարութեան հրաւիրուած էին Վանայ Ձայնի մանկական յայտագիր ներկայացնողներ «Լուսիկն ու մեծ հայրիկը»: Նախ իւրաքանչիւր աշակերտ ներկայացուց ինչ ծպտուած է, որմէ ետք Լուսիկն ու մեծ հայրիկը բեմականացուած ձեւով պատմեցին Յովհաննէս Թումանեանի «Բարեկենդան» հեքիաթը, փոխանցեցին Բարեկենդանի մասին աւանդութիւններ ու…

  Չորեքշաբթի, 20 Յունուար 2021-ին, Զ. դասարաններու աշակերտներս, մեր հայերէնի դասատուին հետ հանդիպում մը ունեցանք Ճեմարանաւարտ մարդաբան Օրդ. Արեւիկ Փափազեանին հետ «Զում»ի միջոցով։ Ան մեզի կարճ ձեւով ներկայացուց իր մասնագիտութինը՝ մարդաբանութիւնը եւ ըսաւ, որ այս մէկը գիտութիւն մըն է, որ կը փորձէ հասկնալ մարդը՝ իր տարբեր երեսներով՝ ընկերային,…

«ԲԱՐՍԵՂ ԿԱՆԱՉԵԱՆ» ԵՐԱԺՇՏԱԿԱՆ ՔՈԼԵՃԻ ԱՄԱՎԵՐՋԻ ՀԱՆԴԷՍ

Ուրբաթ, 18 Դեկտեմբեր 2020-ին, երեկոյեան ժամը 8:00-ին, Համազգայինի «Լեւոն Շանթ» կեդրոնի «Գէորգ եւ Հերմինէ Արմէնեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Բարսեղ Կանաչեան երաժշտական քոլեճի 2019-2020 տարեշրջանի 7-րդ եւ 10-րդ դասարաններու աշակերտներուն ամավերջի հանդէսը եւ վկայականաց բաշխումը: Ելոյթ ունեցան շրջանաւարտները, որոնց կարգին Մ. եւ Հ. Արսլանեան Ճեմարանէն Սերժ Պապուքեան եւ…

ՎԱՐԴԱԳՈՅՆ ԵՒ ԿԱՆԱՉ ԴԱՍԱՐԱՆՆԵՐՈՒ ԱՇԱԿԵՐՏՆԵՐԸ ՏՕՆԵՑԻՆ ԿԱՂԱՆԴԸ

Երեքշաբթի, 22 Դեկտեմբեր 2020-ին, Նորսիկեան Մանկապարտէզի Վարդագոյն եւ Կանաչ դասարաններու աշակերտները իրենց դասարաններէն ներս տօնեցին Կաղանդը։ Փոքրիկներուն այցելեց Կաղանդ Պապան, որ խանդավառ մթնոլորտ մը ստեղծեց եւ ջերմացուց երեխաներուն սրտերը։

ԿԱՊՈՅՏ ԴԱՍԱՐԱՆԻ ՓՈՔՐԻԿՆԵՐԸ ՏՕՆԵՑԻՆ ԿԱՂԱՆԴԸ

Երկուշաբթի, 21 Դեկտեմբեր 2020-ին, Նորսիկեան մանկապարտէզի Կապոյտ դասարանի փոքրիկները տօնեցին կաղանդը: Պահելով ընկերային հեռաւորութիւնը, անոնք իրենց դասարաններէն ներս կերան «Ginger bread», երգեցին, պարեցին եւ դիմաւորեցին Կաղանդ պապան, որ փոխանցեց իրենց նուէրները:

ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ-ԶՐՈՅՑ ՍԵՒԱՆ ՏԷՅԻՐՄԷՆՃԵԱՆԻ ՀԵՏ Երկուշաբթի, 7 Դեկտեմբեր 2020-ին, հայերէնի դասապահուն, Է․ դասարանի աշակերտները հետաքրքրական զրոյց մը ունեցան Պոլիսէն՝ Սեւան Տէյիրմէնճեանին հետ, պանդխտութեան նիւթով: Մանկավարժ եւ խմբագիր պարոն Տէյիրմէնճեանը խօսեցաւ այն երիտասարդներուն եւ տարեցներուն մասին, որոնք գաւառներէն  կը հասնէին Պոլիս՝ ապահովելու իրենց ապրուստը։ Ան մատնանշեց, որ պանդխտութեան մասին ծաւալած…

ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ-ԶՐՈՅՑ ՎԻԳԷՆ ԱՒԱԳԵԱՆԻ ՀԵՏ Հայերէն լեզուի դասապահերուն ընթացքին, Զ. եւ Է. դասարաններու աշակերտները մասնակցեցան հանդիպում-զրոյցի մը խմբագիր, «Վանայ Ձայն»ի տնօրէն Վիգէն Աւագեանի հետ: Զրոյցին նիւթն էր «Լրագրութեան տեսակները, գրաւոր, բանաւոր եւ ելեկտրոնային մամուլ։ Ի՞նչպէս հետեւիլ լուրերուն եւ անոնց վաւերականութեան»։ Է. դասարանի աշակերտներէն Նարեկ Չերքէզեան այս հանդիպումին մասին կը…

ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ-ԶՐՈՅՑ «VLUME» ԾՐԱԳՐԻ ՀԻՄՆԱԴԻՐՆԵՐՈՒՆ ՀԵՏ Կիրակի, 1 Նոյեմբեր 2020-ին, հաճելի զրոյց մը տեղի ունեցաւ «vlume» ծրագրի հիմնադիրներուն՝ Մարտիկ Չոլաքեանին եւ Ռազմիկ Հարունիին հետ, որոնք  Զ. եւ Է. կարգերու աշակերտներուն ծանօթացուցին հայկական թուայնացած գրադարան հարթակը, ուր տեղադրուած են մօտաւորապէս 800 գիրքեր։ Ընթերցանութիւնը կը հարստացնէ մեր ներաշխարհը եւ բառապաշարը,- ըսին…