Դ. ԴԱՍԱՐԱՆԻ ԱՇԱԿԵՐՏՆԵՐԸ ԱՌՑԱՆՑ ՆՇԵՑԻՆ ԲԱՐԵԿԵՆԴԱՆԸ

Երկուշաբթի, 8 Փետրուար 2021-ին, Նախակրթարանի Դ. դասարանի աշակերտները առցանց տօնեցին Բարեկենդանը: 

Տօնակատարութեան հրաւիրուած էին Վանայ Ձայնի մանկական յայտագիր ներկայացնողներ «Լուսիկն ու մեծ հայրիկը»: Նախ իւրաքանչիւր աշակերտ ներկայացուց ինչ ծպտուած է, որմէ ետք Լուսիկն ու մեծ հայրիկը բեմականացուած ձեւով պատմեցին Յովհաննէս Թումանեանի «Բարեկենդան» հեքիաթը, փոխանցեցին Բարեկենդանի մասին աւանդութիւններ ու սովորութիւններ, ինչպէս նաեւ աշակերտներուն հետ խաղացին խաղեր՝ ստեղծելով խանդավառ մթնոլորտ: