ՏԱՐՐԱԿԱՆԻ ԱՇԱԿԵՐՏՆԵՐԸ ՏՕՆԵՑԻՆ ԲԱՐԵԿԵՆԴԱՆԸ

Երեքշաբթի, 9 Փետրուար 2021-ին, Տարրական բաժինի աշակերտները Բարեկենդանը տօնեցին առցանց։

Անոնք ծպտուած էին` օգտագործելով իրենց տրամադրութեան տակ գտնուող իրերը, զարդեղէնը,  կերպասները, զգեստներն ու խաղալիքները։ Շատերուն օժանդակ հանդիսացած էր իրենց վառ երեւակայութիւնը։

Բարեկենդանին փոքրիկները երգեցին, պարեցին, արտասանեցին, իրարու հանելուկներ ըսին եւ զարգացման մրցումի մասնակցեցան։ Անոնք առցանց հաճելի ժամանակ անցուցին այն յոյսով, որ յառաջիկայ տարեշրջանին Բարեկենդանը պիտի նշեն Ճեմարանի տաքուկ ու հարազատ յարկին տակ։

Ա1 դասարան Ա2 դասարան Բ. դասարան Գ2 դասարան Գ2 դասարան