Չորեքշաբթի, 20 Յունուար 2021-ին, Զ. դասարաններու աշակերտներս, մեր հայերէնի դասատուին հետ հանդիպում մը ունեցանք Ճեմարանաւարտ մարդաբան Օրդ. Արեւիկ Փափազեանին հետ «Զում»ի միջոցով։

Ան մեզի կարճ ձեւով ներկայացուց իր մասնագիտութինը՝ մարդաբանութիւնը եւ ըսաւ, որ այս մէկը գիտութիւն մըն է, որ կը փորձէ հասկնալ մարդը՝ իր տարբեր երեսներով՝ ընկերային, ազգային, կրօնական, մշակութային, աւանդութիւններու, եւայլն…։

Նախորդ շաբաթներուն ընթացքին մենք սերտած էին Զապէլ Եսայեանի «Սիլիհտարի Պարտէզները» գիրքէն «Մանչ ըլլայի», «Դպրոցս», եւ այլ պատմուածքներ, ուր ծանօթացանք գրագիտուհիին ըմբոստութեան՝ ընկերութեան որոշ սովորութիւններու եւ օրէնքներու դէմ։

Օրդ. Արեւիկին հետ մեր զրոյցը առիթ եղաւ աւելի մօտէն ծանօթանալու Զապէլ Եսայեանի ներկայացուցած կարգ մը հարցերուն, ինչպէս՝ աղջիկ-տղայ տարբերութիւնները, զանազան ժողովուրդներու միջեւ յարաբերութիւնները, դպրոցի օրէնքները, եւայլն։

Օրդ. Արեւիկը բացատրեց  «անգիր օրէնքներ»ու պարտադրած երեւոյթները եւ իբրեւ մասնագէտ լսեց ու լուսաբանեց մեր հարցերը եւ տեսակէտները։

Շատ հաճելի եւ հետաքրքրական էր իրեն հետ զրուցելը, պիտի ուզէինք ուրիշ առիթներով ալ խօսիլ Օրդ. Արեւիկին հետ եւ մեր հարցումները ուղղել իրեն։

Խանդավառ զրոյցի ընթացքին մենք երբեմն անկապ միտքեր կամ գաղափարներ կ՚ըսէինք, եւ Օրդ. Արեւիկը համեստ մօտեցումով կը ճշդէր մեր միտքերը եւ սխալները։

Շատ շնորհակալ ենք, որ ան օգնեց մեզի, որ շատ մը հարցերու մասին սկսինք տարբեր ձեւով մտածելու։

Լոռիթա Սրուրեան

Սանահին Սէյիսեան

Լոռի Մայիսեան

Էլենա Յովակիմեան

Առնօ Տէր Աբրահամեան