ՄԱՆԿԱՊԱՐՏԷԶԻ ՓՈՔՐԻԿՆԵՐԸ ՆՇԵՑԻՆ ՎԱՐԴԱՆԱՆՑ ՏՕՆՆ ՈՒ ԲԱՐԵԿԵՆԴԱՆԸ

Երկուշաթի 8 եւ Երեքշաբթի 9 Փետրուար 2021-ին, մանկապարտէզի երեխաներուն մօտ կը տիրէր տօնական մթնոլորտ: Առցանց պայմաններու մէջ, անոնք իրենց դաստիարակներուն հետ ծպտուած, երգով ու պարով, նուագով ու խաղերով նշեցին Վարդանանքը եւ տօնեցին Բարեկենդանը:

Ճիշդ է, որ երկրին մէջ կը տիրէ արտակարգ վիճակ մը, սակայն երեխայ եւ դաստիարակ նոյն կամքով եւ հաւատքով, նոյն խանդավառութեամբ ստեղծեցին ջերմ մթնոլորտ մը եւ տօնեցին մանկապարտէզի ամենասիրելի տօնը: