ՇԱՀԱՆ ՆԱՃԱՐԵԱՆ ԿԸ ՍՏԱՆԱՅ «MODEL EUROPEAN UNION»-Ի «POSITION PAPER» ՄՐՑԱՆԱԿԸ

Երկրորդական բաժինի ԺԱ. դասարանէն խումբ մը աշակերտներ՝ Լոռի Եահնիյեան, Մարիա Գաբլանեան եւ Շահան Նաճարեան, մասնակցեցան LAU համալսարանի 2020-2021 տարեշրջանի MEU (Model European Union) նախաձեռնութեան: Այս ծրագրին ընթացքին Լիբանանի տարբեր դպրոցներէ եկած աշակերտներ կը խորացնեն իրենց գիտելիքները Եւրոպական Միութեան մասին եւ կը զարգացնեն փնտռտուքի, դիւանագիտական յարաբերութեան, հանրային հրապարակախօսութեան եւ շտապ վիճակներու ատեն ճիշդ լուծումներ որոնելու իրենց ունակութիւնները:

MEU նախաձեռնութեան այս տարուան առցանց ընթացքը եւ աշակերտներուն իրարմէ հեռու գտնուիլը բնաւ արգելք չհանդիսացան, որ շարունակուի Ճեմարանի ընտանեկան մթնոլորտը, մեծ աշակերտներու հոգատար վերաբերումը եւ օժանդակութիւնը իրենցմէ փոքրերուն: Ծրագրին մասնակցող աշակերտներուն իրենց փորձառութեամբ եւ հետեւողական առցանց  հանդիպումներով օգնեցին ԺԲ. դասարանէն Ցոլեր Գէորգեան, Ճոն Ժըհայէմ եւ Կարէն Ճինպաշեան:

Նախաձեռնութեան աւարտին, մասնակցող աշակերտներէն Շահան Նաճարեան արժանացաւ «Position Paper» մրցանակին: Կը շնորհաւորենք Շահանը եւ մեր բոլոր մասնակից աշակերտները, որոնք ճիգ չխնայեցին եւ այս ծրագրին շնորհիւ նոր փորձառութիւն ու գիտելիքներ շահեցան: