ՆԵՐՔԻՆ ԴԱՇՏԱԳՆԱՑՈՒԹԻՒՆ
Չորեքշաբթի, 31 Մայիս 2023-ին, Նորսիկեան մանկապարտէզի կապոյտ եւ վարդագոյն դասարաններու աշակերտները իրենց ուսուցիչներուն հետ օրուան ընթացքին կատարեցին «ներքին դաշտագնացութիւն» մը Մանկապարտէզի «Պզտիկեան» պարտէզին մէջ:
Չորեքշաբթի, 31 Մայիս 2023-ին, Նորսիկեան մանկապարտէզի կապոյտ եւ վարդագոյն դասարաններու աշակերտները իրենց ուսուցիչներուն հետ օրուան ընթացքին կատարեցին «ներքին դաշտագնացութիւն» մը Մանկապարտէզի «Պզտիկեան» պարտէզին մէջ:
Երեքշաբթի, 30 Մայիս 2023-ին, Նորսիկեան մանկապարտէզի կանաչ դասարաններու աշակերտները օրուան ընթացքին կատարեցին «ներքին դաշտագնացութիւն» մը Մանկապարտէզի «Պզտիկեան» պարտէզին մէջ, իրենց ուսուցիչներուն հետ: Այս իւրայատուկ օրուան հրաւիրուած էին նաեւ կանաչ դասարանի մամաները: Փոքրիկները ընդունեցին իրենց ծնողները մայրերու օրուան յատուկ երգերով, ապա բոլոր ներկաները միասին նախաճաշեցին պարտէզի խոտերուն վրայ։ Յայտագիրի…
Երեքշաբթի, 30 Մայիս 2023-ին, Հայաստանի անկախութեան տօնին եւ Արցախի ազատագրութեան պայքարին բնաբանով, տեղի ունեցաւ զարգացման մրցում մը՝ միջնակարգի Է. Ը. եւ Թ. դասարաններու աշակերտներուն մասնակցութեամբ։ Աւարտին, առաջին եւ երկրորդ հանդիսացող խմբակները ստացան նուէրներ:
ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան ԼԵՎԱՄ-ի 2022-23 տարեշրջանի պասքեթպոլի եւ անհատական խաղերու մրցումներուն մասնակցեցան մեծ թիւով ճեմարանական մարզիկներ: Անհատական խաղերու եւ պասքեթպոլի վարժարաններու դասաւորումներուն մէջ Ճեմարանը հանդիսացաւ առաջին՝ ճատրակի, փինկ փոնկի եւ դաշտային խաղերու մէջ: Պասքէթպոլի մրցաշարքին Ճեմարանը ապահովեց հետեւեալ արդիւնքները. 14 տարեկանէն վար աղջիկները հանդիսացան երրորդ, իսկ տղաքը՝…
Երեքշաբթի, 30 Մայիս 2023-ին, Հայաստանի անկախութեան տօնին առիթով, տեղի ունեցաւ զարգացման մրցում մը՝ նախակրթարանի Դ. Ե. եւ Զ. դասարաններու աշակերտներուն մասնակցութեամբ։ Մրցումին երկու կարճ դադարներուն ընթացքին տեղի ունեցաւ գեղարուեստական յայտագիր: Աւարտին, առաջին եւ երկրորդ հանդիսացող խմբակները ստացան նուէրներ: Աշակերտները խանդավառ մթնոլորտի մէջ յայտագիրը փակեցին շուրջպարով մը:
Քանի մը տարուան ընդհատումէն ետք, Ճեմարանի աւանդական ընդհանուր պտոյտը տեղի ունեցաւ Ուրբաթ, 26 Մայիս 2023-ին, Շպէնիյէ շրջանին մէջ, ներկայութեամբ Ճեմարանի ամբողջ անձնակազմին եւ աշակերտութեան՝ տարրական բաժինէն երկրորդական: Ամբողջ օրը, բոլորը միասին բնութեան մէջ հաճելի եւ ուրախ ժամանակ անցընելէ ետք, աշակերտները քաղցր յիշատակներով վերադարձան տուն:
Նախակրթարանի Ե. դասարանի աշակերտները կատարեցին աշխարհագրութեան աշխատանք մը ՝ «ուրկէ՞ եկած ենք մենք» խորագիրով:
Չորեքշաբթի, 24 Մայիս 2023-ին, Նորսիկեան մանկապարտէզի վարդագոյն դասարաններու փոքրիկները այցելեցին «Playo» խաղավայրը, ուր անմոռանալի օր մը անցուցին իրենց ընկերներուն եւ դաստիարակներուն հետ։
Չորեքշաբթի, 24 Մայիս, 2023-ին տեղի ունեցաւ Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան 105-րդ ամեակին նուիրուած ձեռնարկ մը վերջին պահերուն ընթացքին: Բացման խօսքը կատարեց Թ. դասարանէն Սելին Գիլէճեան: Ան շեշտեց, որ Մայիս 28-ը պէտք չէ յիշել միայն մեր երախտագիտութեան պարտքը վճարելու համար անվեհեր հերոսներուն, այլեւ անոնց զոհողութիւնը արժեւորելու եւ ապագայ սերունդներուն ներշնչելու…
Չորեքշաբթի, 24 Մայիս 2023-ի առաւօտեան, Հ.Մ.Ը.Մ.-ի սկաուտական ընտանիքին մաս կազմող Ճեմարանի աշակերտները դպրոց ներկայացան իրենց սկաուտական տարազներով եւ բացօթեայ խաղավայրին մէջ խմբուեցան իրենց յատուկ շարքերով՝ գայլիկ-արծուիկ, արի-արենոյշ, երէց-պարմանուհի։ Տեղի ունեցաւ դրօշակի արարողութիւն, որմէ ետք Հ.Մ.Ը.Մ.-ի խօսքը ընթերցեց ճեմարանի շրջանաւարտ քոյր Սինթիա Պայրաքտարեան։ Ապա խօսք առաւ Ճեմարանի տնօրէն Փաուլա…
Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ ԼԵՄ-ի Կեդրոնական Վարչութեան Դաստիարակչական Յանձնախումբին, Շաբաթ, 20 Մայիս, 2023-ին, տեղի ունեցաւ ՀՅԴ ԼԵՄ-ի 50-ամեակին առիթով կազմակերպուած միջդպրոցական զարգացման մրցում մը, որուն իրենց մասնակցութիւնը բերին Ճեմարանի երկրորդական բաժինէն Ժուլիանա Թրթռեան, Սեւակ Զարմէնեան եւ Հայկ Թենպէլեան: Կը շնորհաւորենք Ճեմարանը ներկայացնող աշակերտները, որոնք հանդիսացան երկրորդ:
Հինգշաբթի, 18 Մայիս 2023-ին, Նորսիկեան մանկապարտէզի կանաչ դասարանի փոքրիկները այցելեցին ծաղկանոց։ Անոնք դիտեցին բոյսերը եւ հարստացուցին իրենց գիտելիքները։