ՃԵՄԱՐԱՆԻ ՇՐՋԱՆԱՒԱՐՏՆԵՐԸ՝ ԱՐԱՐԱՏԻ ԳԱԳԱԹԻՆ

Մեծ հպարտութեամբ կը յայտնենք, որ անգամ մը եւս ճեմարանականներ նուաճած են Արարատի գագաթը: 2023-ի շրջանաւարտ Կարին Եղիայեան եւ եղբայրը՝ 2022-ի շրջանաւարտ Արմէն Եղիայեան 5 Օգոստոս 2023-ին իրագործեցին իրենց մեծ երազը՝ բարձրանալ Արարատ լեռ եւ անոր գագաթին պարզել եռագոյնն ու Ճեմարանի ջահը:

«Վե՜ր, մագլցէ վե՜ր: … Մինչեւ ճերմակ բարձունքները, մինչեւ միգոտ կատարները, մինչեւ անհաս տենչանքները…»,- այսպէս կը պատգամէ հերոսներէն մէկը Ճեմարանի հիմնադիրներէն Լեւոն Շանթի «Կայսր» թատրերգութեան, որ միշտ կ’ընթերցուի Ճեմարանի երկրորդական բաժինին մէջ: Կը մաղթենք, որ այս երթը շարունակուի եւ նորանոր նուաճումներ արձանագրեն մեր շրջանաւարտները: