Կազմակերպութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի Ուսումնական խորհուրդին, Հինգշաբթի, 28 Սեպտեմբեր 2023-ին, Անթիլիասի մայրավանքի շրջափակին մէջ տեղի ունեցաւ «Արցախի կողքին ենք» խորագիրով լիբանանահայ վարժարաններու աշակերտական զօրակցական հաւաք:
Ճեմարանի միջնակարգ եւ երկրորդական բաժիններու աշակերտները հաւաքին իրենց մասնակցութիւնը բերին դպրոցէն մեկնարկած քայլարշաւով, ապա Մայրավանքին մէջ միացան իրենց ընկերներուն:
Հաւաքին հայերէնով բացման խօսքը արտասանեց Ճեմարանի աւարտական դասարանէն Հրակ Դրօ Կիւրիւնլեան: Ան նկատել տուաւ, որ աշակերտութիւնը սովորաբար կը հաւաքուի Հայոց ցեղասպանութեան յուշարձան մատուռին շուրջ` յարգելու համար յիշատակը մեր նահատակներուն եւ միասնաբար մեր ազգի գոյատեւման ու հայ մնալու մեր ուխտը վերանորոգելու, սակայն այսօր հաւաքուած ենք Արցախի բռնագրաւման, արցախցիները բռնագաղթի եւ սպանդի ենթարկող, մեր պատմամշակութային յուշակոթողները պղծող նոյն ցեղասպանին դէմ մեր բողոքը յայտնելու եւ զօրակցելու այս պահուն իսկ տեղահանուող մեր հայրենակիցներուն: Ան շեշտեց, որ Արցախը կ՛ապրի ճակատագրական օրեր` այսօրուան քաղաքակիրթ աշխարհին ներկայութեան, աւելցնելով, որ կ՛ըսեն, թէ պատմութիւնը ինքզինք կը կրկնէ, եւ Արցախը դաւաճանաբար կը յանձնուի թշնամիին, իսկ մենք կ՛ըսենք` ուրեմն մեր յաղթանակներն ալ պիտի կրկնուին, եւ մեր պայքարը պիտի ընդարձակուի: Ան շեշտեց, որ մեր պատմութեան ամէնէն դաժան օրերուն իսկ Արցախը իր մելիքութիւններով եւ ինքնիշխանութեամբ հայոց պատմութեան էջերուն մէջ յատուկ տեղ գրաւած է` հաստատելով, որ Արցախը այն հողն է, որ ջրուած է հազարաւոր նահատակներու արիւնով, անիկա նաեւ ամէն հայու տունն է, սիրտն է, արժանապատուութիւնն է, եւ Արցախը կորսնցնելով մենք ենթակայ կ՛ըլլանք մեծ պետութիւններուն: «Հաւաքական կամքով ու աշխատանքով պէտք է կերտենք զօրաւոր Հայաստան մը` Արցախը փրկելու յոյսով եւ վճռականութեամբ», ըսաւ ան:
Հաւաքին մասին յաւելեալ մանրամասնութիւններ կարդալ այստեղ:
