Ուրբաթ, 15 Սեպտեմբեր 2023-ին տեղի ունեցաւ Համազգայինի Մ. եւ Հ. Արսլանեան Ճեմարանի անձնակազմի վերամուտի ժողովը:
Ճեմարանի տնօրէն Փաուլա Եղիայեան մանրամասնօրէն անդրադարձաւ 2023-2024 տարեշրջանին վերաբերող փոփոխութիւններուն եւ նորութիւններուն: Ան ողջունեց դպրոցի անձնակազմին միացած ուսուցիչները եւ փոխանցեց Ճեմարանի կրթական համակարգի եւ ընթացիկ աշխատանքներու մասին անհրաժեշտ բոլոր տեղեկութիւնները, ապա բարի վերամուտ մաղթեց բոլորին:
Ժողովին երկրորդ բաժինը ընդգրկեց շահեկան զրոյց-դասախօսութիւն մը դոկտ. Շաղիկ Գանտահարեան – Խիւտավերտեանին հետ, յետտագնապեան գործունէութիւն (Trauma-informed practices) նիւթով:
