Երեքշաբթի, 20 Յունիս 2023-ին, երեկոյեան ժամը 7:00-ին, Համազգայինի Մելանքթոն եւ Հայկ Արսլանեան Ճեմարանի «Տոքթ. Ատրինէ Գարագաշեան» սրահէն ներս տեղի ունեցաւ ՀՕՄ-ի Նորսիկեան Մանկապարտէզի ամավերջի հանդէսը, ներկայութեամբ Ճեմարանի անձնակազմին, Համազգայինի Կեդրոնական Վարչութեան, Ճեմարանի խնամակալութեան, ծնողներու, բարեկամներու եւ շրջանաւարտներու:
Բացման խօսքը կատարեց մանկապարտիզպանուհի Թալին Եահնիեան, որ ողջունեց ներկաները եւ ըսաւ. «1928-ին հիմնուած հայ լեզուն ու մշակոյթը պահպանող Համազգային հայ կրթական եւ մշակութային միութիւնը եղաւ 95 տարեկան: Մեր փոքրիկները իրենց առաջին քայլերը առին Համազգայինի Ճեմարանի մանկապարտէզէն ներս, ուր ստացան բարձրորակ կրթութեան եւ դաստիարակութեան կողքին՝ ազգային շունչ ու ոգի»: Ապա խօսքը ուղղելով Կանաչ դասարանի երեխաներուն՝ ան ըսաւ. «Սիրելի փոքրիկներ, այսօր անմոռանալի օր մըն է ձեզի համար: Մնաս բարով պիտի ըսէք մանկապարտէզին եւ անցնիք տարրական բաժին: Եղէ՛ք առողջ, ուրախ եւ տարածեցէ՛ք հայ լեզուն, ուր ալ ըլլաք»: Այնուհետեւ, մանկապարիզպանուհին երախտագիտութիւն յայտնեց իր գործընկերներուն, իրենց կատարած բծախնդիր եւ նուիրուած աշխատանքին համար: Վերջապէս, եզրափակելով իր խօսքը՝ Եահնիեան յատուկ շնորհակալութիւն յայտնեց ծնողներուն, իրենց գործակցութեան եւ վստահութեան համար:
Այս տարուան հանդէսին բնաբանն էր «Հայկական տօներն ու աւանդութիւնները»: Կանաչ դասարանի փոքրիկները, գունաւոր հագուստներ հագած երգելով, նուագելով ու պարելով ներկայացուցին Համբարձումը, վարդավառը, տեառնընդառաջը, միջինքը եւ բերքի տօնը:
Հանդէսի աւարտին, բեմ բարձրացաւ Ճեմարանի տնօրէն Փաուլա Եղիայեան, եւ կանաչ դասարանի աշակերտները ստացան իրենց վկայականները:
Վկայական ստացան հետեւեալ աշակերտները.
Ալապաշեան Սերենա, Աւագեան Նարէ, Գասարճեան Սիրէն, Գազանճեան ճոն, Գայապալեան Սագօ, Ժուտիէհ Նարինէ, Կարապետեան Ինեսա, Հաճի Մանուկեան Արամ, Հէյպէլեան Արէն, Մարգարեան Մէրի, Մենզոյեան Ալիսիա, Ներսէսեան սարին, Շահպազեան Միլենա, Պազարպաշեան Պարոյր-Սեւակ, Սերոբեան Գաթրինա, Սերոբեան Սոֆի, Տէր Թորոսեան Լէօն, Տոշոյեան Կայէլ, Քուսաօղլի Մարիա:
Տնօրէնուհին շնորհաւորեց աշակերտները եւ մաղթեց, որ անոնք 12 տարի ետք կրկին բարձրանան նոյն բեմը եւ ստանան Ճեմարանի աւարտական դասարանի վկայականը: Ան շնորհաւորեց նաեւ ծնողներն ու ուսուցիչները եւ «վարձքը կատա՛ր» ըսաւ բոլորին:
Հանդէսը փակուեցաւ Ճեմարանի քայլերգով, զոր երգեցին Նորսիկեան մանկապարտէզի վկայեալ աշակերտները:
