Համազգայինի Մ. եւ Հ. Արսլանեան Ճեմարանի 2023-2024 տարեշրջանի վերամուտը սկսաւ 18 Սեպտեմբերին, հանգրուանային ձեւով:
Երկուշաբթի, 2 Հոկտեմբերին, առաջին զբօսանքի աւարտին, բոլոր աշակերտներն ու ուսուցիչները հաւաքուեցան «Տոքթ. Ատրինէ Գարագաշեան» սրահ, ուր տեղի ունեցաւ 2023-2024 տարեշրջանի պաշտօնական բացումը:
Ճեմարանի տնօրէն Փաուլա Եղիայեան բարի վերամուտ եւ յաջողութիւն մաղթեց բոլորին, յատկապէս տարրական բաժինի Ա. դասարանի աշակերտներուն, որոնք նոր միացած են դպրոցի մայր կառոյցին, եւ երկրորդական բաժինի աւարտական դասարանի աշակերտներուն, որոնք տարեշրջանի աւարտին ունին պետական քննութիւններ եւ համալսարանական մուտքի քննութիւններ: Ներկաները ծափողջոյններով դիմաւորեցին Ա. եւ ԺԲ. դասարաններու աշակերտները: Տնօրէնուհին անդրադարձաւ մանաւանդ Արցախի մեր հայրենակից մանուկներուն ու պատանիներուն, որոնց վերամուտը ընդհատուեցաւ, եւ իրենք ստիպուեցան կայք փոխելու…: Ան թելադրեց աշակերտներուն կրկնակի թափով աշխատիլ յանուն մեր ազգի հզօրացման եւ ազգային իրաւունքներու պահպանման: Ապա բոլորը միասին երգեցին Ճեմարանի քայլերգը եւ բարձրացան իրենց դասարանները:
