Ուրախութեամբ կը յայտնենք, որ Արցախեան պայքարի ազատամարտիկ, լիբանանահայ նահատակ Մհեր Ջուլհաճեանի յիշատակին նուիրուած աշակերտական շարադրական մրցանքին Ճեմարանի երկրորդական բաժինէն Ժիւլիանա Թրթռեան հանդիսացաւ երկրորդ: Միջնակարգի աշակերտուհիներէն Սելին Քիլէճեան հանդիսացաւ առաջին, իսկ Սարին Մահտեսեան արժանացաւ պատուոյ յիշատակութեան: Նախակրթարանի աշակերտներէն Նարեկ Շիրէճեան արժանացաւ պատուոյ յիշատակութեան:
«ՄՀԵՐ ՋՈՒԼՀԱՃԵԱՆ» ԱՇԱԿԵՐՏԱԿԱՆ ՇԱՐԱԴՐԱԿԱՆ ՄՐՑԱՆՔԻՆ ՍԵԼԻՆ ՔԻԼԷՃԵԱՆ՝ ԱՌԱՋԻՆ, ԺԻՒԼԻԱՆԱ ԹՐԹՌԵԱՆ՝ ԵՐԿՐՈՐԴ, ՍԱՐԻՆ ՄԱՀՏԵՍԵԱՆ ԵՒ ՆԱՐԵԿ ՇԻՐԷՃԵԱՆ՝ ՊԱՏՈՒՈՅ ՅԻՇԱՏԱԿՈՒԹԻՒՆ
