ՃԵՄԱՐԱՆԱԿԱՆԻ ՕՐ

Կազմակերպութեամբ Համազգայինի Փալանճեան-Արսլանեան Ճեմարանի շրջանաւարտներու միութեան, շաբաթ, 23 հոկտեմբեր 2010-ին, երեկոյեան ժամը 8:30-ին, Մելանքթոն եւ Հայկ Արսլանեան Ճեմարանի բակին մէջ(Մըզհեր) նշուեցաւ աւանդական դարձած «Ճեմարանականի Օր»-ը, խորովածի երեկոյի մը ընդմէջէն: Ճեմարանի մեծ ընտանիքէն մօտ 350 շրջանաւարտներ, ուսուցիչներ, ճեմարանականներ եւ բարեկամներ մէկտեղուած էին: Շրջանաւարտից Միութեան ատենապետ Փաթիլ Եսայեան ողջունեց ներկաները եւ շեշտեց, թէ երեկոն յատկանշական էր, տրուած ըլլալով որ շաբաթ մը առաջ ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան կողմէ Ճեմարանը ստացած էր «Հայկական Լաւագոյն Կրթօճախ»-ի մրցանակը: Յայտագիրը շարունակուեցաւ տեսաերիզի մը ցուցադրութեամբ, որ ամփոփ ձեւով կը ներկայացնէր միութեան աշխատանքները: Մեծ մասամբ Ճեմարանականներէ բաղկացած Բուշքին 3 խումբը ներկայացուց հայկական երգեր, երաժշտական գործիքներու ընկերակցութեամբ: Երեկոն փակուեցաւ հայկական շուրջպարներու շարքով մը: