ԴԷՊԻ ՆԱԽԱՊԱՏՄԱԿԱՆ ԱՇԽԱՐՀ

Չորեքշաբթի, 20 Հոկտեմբեր 2010… Ամբողջ դասարանով ճամբորդեցինք դէպի նախապատմական աշխարհ… Ժամը 10։15-ին ճամբայ ելանք դպրոցէն, ուղղուելով դէպի նախապատմական թանգարան մը, որ կը գտնուի ֆրանսական համալսարանի մը մէջ։ Հասանք ու մտանք ներս։ Մեզ դիմաւորեցին երկու երիտասարդ օրիորդներ։ Անոնցմէ մէկը քանի մը խօսքով ներկայացուց նախապատմական շրջանի կարեւոր հանգրուանները. նախ մարդը եղած է թափառական եւ գործածած է քարը, յետոյ սկսած է տուն շինել եւ հաստատուիլ փոքր գիւղերու մէջ. այս շրջանին կաւէ անօթներ շինած է։ Վերջապէս սկսած է գործածել պղինձը։ Այս կարճ ներկայացումէն ետք, բաժնուեցանք երկու խումբերու։ Մեր խումբը մնաց նոյն յարկին վրայ, իսկ միւսը իջաւ վարի յարկը։ Մեր առաջնորդը մեզի ներկայացուց այն անձերը, որոնք պեղումներ կատարած են Լիբանանի մէջ եւ գտած նախապատմական մարդու հետքեր։ Ապա մեզի ցոյց տուաւ տարբեր մարդոց գանկեր, զորս միասնաբար բաղդատեցինք։ Հետաքրքրականը այն է, որ ճիշդ այդ օրը գրաւոր աշխատանք մը կատարած էինք նախապատմական մարդոց մասին, այսինքն՝ դասը շատ լաւ ըմբռնած էինք եւ կը պատասխանէինք մասամբ՝ մեր առաջնորդին ուղղած հարցումներուն։ Այդ տարբեր գանկերուն նկարները տեսած էինք միայն մեր գիրքերուն էջերուն վրայ, եւ ահա զանոնք կը տեսնէինք մեր դիմաց։ Ի՜նչ հաճելի է տեսնել այն ինչ որ չէնք կրցած երեւակայել։ Տեսանք նաեւ նախապատմական մարդոց գործածած զանազան քարերը։ Անոնք կը տաշէին կայծքարեր եւ զանոնք դանակի փոխարէն կը գործածէին։ Ինչպէս նաեւ կը գործածէին ծովափի խիճեր, կը սրէին զանոնք օգտագործելի դարձնելու համար։ Այս բոլոր քարերուն մասին սորված էինք եւ ահա կը տեսնէինք զանոնք՝ զանազան չափերով ու գոյներով, հազարաւոր տարիներ առաջ գործածուած մեզի նմանող մարդոց կողմէ։ Առաջին յարկի բոլոր իրերը դիտելէ ետք, մենք իջանք վար, եւ արդէն միւս խումբը վեր հասաւ։ Հոն տեսանք ուրիշ տեսակ քարեր, որսորդութեան համար օգտագործուող տարբեր տեսակի իրեր։ Այդտեղ ներկայացուած էին նաեւ մարդոց կառուցած տուները քարերով, ինչպէս նաեւ քարայրները, ուր անոնք կ՚ապրէին տուներ կառուցելէ առաջ։ Այս յարկէն ետք, մտանք սրահ մը, ուր դիտեցինք 15 վայրկեան տեւողութեամբ շարժապատկեր մը, որ ամփոփեց մեր բոլոր տեսածները։ Այսպիսով իր աւարտին հասաւ մեր ճամբորդութիւնը դէպի պատմական աշխարհ։ Ի՜նչ հաճելի կը թուի ապրիլ այդ շրջանին, երբ մարդն ու բնութիւնը անբաժանելի միութիւն մը կը կազմէին։ Անի Առաքելեան ԺԲ գիտական դասարան