ԱՆԱՀԻՏ ՏԷՐ ՄԻՆԱՍԵԱՆԻ ԱՅՑԸ ՃԵՄԱՐԱՆ

Երկուշաբթի, 1 Նոյեմբեր 2010-ին Ճեմարանի տնօրէնութիւնը հիւրընկալեց պատմաբան Անահիտ Տէր Մինասեանը, Հուրի Վարժապետեանը եւ Վարուժան Արզումանեանը, որոնք Լիբանան կը գտնուին 3 Նոյեմբերին Պիէլի մէջ ֆրանսերէն գիրքերու 2010-ի ցուցահանդէսի ծիրին մէջ մակագրելու իրենց պատրաստած «Նօ թեր տ՚անֆանս» գիրքը։ Անոնք շրջեցան Ճեմարանի զանազան բաժինները, այցելեցին Նորսիկեան մանկապարտէզը, Ճեմարանի գրադարանը, մամուլի եւ հնատիպ գիրքերու բաժինը եւ ի վերջոյ՝ Հ.Յ.Դաշնակցութեան եւ Համազգայինի արխիւներու գրասենեակը։