Ա. ԱՇԽԱՏԱՆՔԱՅԻՆ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ

Ուրբաթ, 29 Հոկտեմբեր 2010-ին, կէսօրէ ետք տեղի ունեցաւ Ճեմարանի անձնակազմին (ուսուցչական կազմ եւ վարչական պաշտօնեաներ) առաջին աշխատանքային հանդիպումը, որ կը նպատակադրէ ուսումնական եւ կրթական աշխատանքներու հետեւողական բարելաւումը։ Հանդիպման առաջին հանգրուանին Ճեմարանի տնօրէն Տիգրան Ճինպաշեան կրթական փոխ տնօրէնի պաշտօնին կոչուած Տիկ. Հուրի Եափուճեանի աշխատանքի բնութագրումը կատարեց, ապա Տիկ. Հուրի փոխանցեց իր սրտի խօսքը։ Հանդիպման երկրորդ հանգրուանին, Տիկ. Հուրի Եափուճեան ներկայացուց «ինքնահամարում»(self-esteem) նիւթը տարբեր դիտանկիններէ՝ դասարանէն ներս (աշակերտ-աշակերտ կամ ուսուցիչ-աշակերտ յարաբերութեան ընթացքին) թէ դուրս (ուսուցիչ-ուսուցիչ կամ պաշտօնէութիւն յարաբերութեան ընթացքին)։ Հանդիպման աւարտին, աշխատանքային խմբակներով ուսուցիչները վերարծարծեցին անհատի մը ցած ինքնահամարումի եւ արժեզրկումի վնասները ու հաւաքաբար մտածեցին անոնց հետեւանքներուն մասին՝ դասարանէն ներս եւ դուրս։