ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԱՌԱԾՆԵՐԻ ԼՈԹՕ

Մեր հայերէնի դասին նիւթն էր Յովհաննէս Թումանեանն ու իր նշանաւոր գործերը։ Հետեւաբար հայերէնի ուսուցչուհին, աշակերտներուն հայկական առածներ սորվեցնելու նպատակով, Երկուշաբթի, 25 Հոկտեմբեր 2010-ին, պահ մը յատկացուց «Հայկական առածների Լոթօ» խաղին (Թումանեանի հեղինակութեամբ)։ Ուսուցչուհին լոթոյի ձեւով խաղաքարտերը բաժնեց աշակերտներուն, ապա խաղացողներէն մէկը տոպրակի մը մէջէն քաշեց փոքր քարտ մը, որուն վրայ գրուած էր թիւ մը եւ առածին առաջին մասը, որ կարդացուած էր ուսուցիչին կողմէ։ Այն աշակերտը, որ իր քարտին վրայ ունէր նոյն թիւը, կը շարունակէր կարդալ՝ ամբողջացնելով առածին երկրորդ մասը, եւ քառանկիւն քարտը առնելով կը ծածկէր առածը։ Ով որ շուտ կրցաւ ամբողջութիւնը ծածկել յաղթեց։ Խաղի աւարտին, երբ խաղաքարտը ամբողջովին ծածկուեցաւ, ունեցանք պատկեր մը Թումանեանի թանգարանի իրերէն։ Աշակերտները ուրախ եւ բարձր տրամադրութեամբ խաղացին եւ ձգտեցան յաղթանակի։ Հաճելի ու միաժամանակ դաստիարակիչ այս խաղը հասաւ իր աւատին մեր դասընկերներէն Ժագին ու Համբիկին յաղթանակով։ Նարէ Աղասարգիսեան Թ. դասարան