«ՀԱՆՐԻԷԹ ՔԷՇԻՇԵԱՆ» ՍԵՐՈՒՆԴԻ ՇՐՋԱՆԱՒԱՐՏՆԵՐՈՒ ԸՆԴՈՒՆԵԼՈՒԹԻՒՆ

Կազմակերպութեամբ Փալանճեան-Արսլանեան Ճեմարանի Շրջանաւարտից Միութեան, Շաբաթ, 23 Հոկտեմբեր 2010-ի երեկոյեան ժամը 7։00-ին տեղի ունեցաւ 2009-2010 տարեշրջանի շրջանաւարտներու ընդունելութիւնը, Մ. եւ Հ. Արսլանեան Ճեմարանի մէջ, կնքամայրութեամբ՝ Տիկ. Արփի Մինասեան-Կոստանեանի։ Շրջանաւարտից Միութեան ատենապետ Փաթիլ Եսայեան ողջունեց նոր շրջանաւարտները եւ մաղթեց որ անոնք եւս իրենց նախորդներուն նման ներդրում ունենան Միութեան աշխատանքներուն մէջ, նեցուկ կանգնելով «սփիւռքի լաւագոյն հայկական կրթօճախ»ին։ Ապա Տիկ. Արփի Մինասեան-Կոստանեան իր խօսքը փոխանցեց շրջանաւարտներուն։ Ան ըսաւ.«…Դուք պիտի կոչուիք «Հանրիէթ Քէշիշեան» սերունդ. անուն մը, որ սիրելի է բոլորիս… Մատամ Հանրիէթը Ճեմարանի մէջ պաշտօնավարութեան սկսած է 1964 թուականին, Պրն. Եփրեմ Քէշիշեանին հետ ամուսնանալէն ետք։ Ան դասաւանդած է արաբերէն, ապա՝ պատմութիւն եւ աշխարհագրութիւն, միաժամանակ վարելով միջնակարգի կարգապահութեան պատասխանատուութեան պաշտօնը։ 43 տարի անխոնջ աշխատած է։ Եղած է պարտաճանաչ, համբերատար՝ աշակերտներու նկատմամբ, յարգալիր՝ ուսուցիչներու հանդէպ։ Անոր դիտողութիւնները միշտ եղած են շինիչ։… Ճեմարանականէ մը աւելի ճեմարանական էր։ Ո՞վ կը համարձակէր անոր ներկայութեան Ճեմարանի մասին վատ արտայայտութիւն մը ունենալ, անմիջապէս կը հակադարձէր…։ ..Մատամ Հանրիէթի անունը անմոռանալի է իբրեւ տիպար անձնաւորութիւն եւ իբրեւ բարի օրինակ..»։ Տիկին Արփի իր խօսքը աւարտեց ըսելով. «16 տարի յաճախելէ ետք Համազգայինի Մ. եւ Հ. Արսլանեան Ճեմարան, պիտի հետեւիք համալսարանական ձեր ուսման եւ պիտի ունենաք միշտ ճեմարանականավայել կեցուածք։ Տարիներ շարունակ ձեր ուսուցիչները ջամբեցին հայեցի դաստիարակութիւն. դուք լաւ ձեւով տիրապետեցիք հայերէն լեզուին ու քաջածանօթ դարձաք հայոց պատմութեան, ձեր ներդրումը եւս մեծ պէտք է ըլլայ ազգային կեանքին մէջ։ Բարի երթ ձեր բոլորին, սիրելի ընկերներ, բարի գալուստ ձեզի Ճեմարանի Շրջանաւարտից Միութենէն ներս»։ Այնուհետեւ իւրաքանչիւր շրջանաւարտ ինքզինք ծանօթացուց եւ ներկայացուց իր ընտրած մասնագիտութիւնը։ Շրջանաւարտներու ընդունելութեան յաջորդեց Ճեմարանականի օրուան առթիւ խորովածի երեկոյ։