ԵՐԵՒԱՆԻ «ԱՆԱՆԻԱ ՇԻՐԱԿԱՑԻ» ՃԵՄԱՐԱՆԻ ՈՒՍՈՒՑԻՉՆԵՐԸ ՃԵՄԱՐԱՆԻ ՄԷՋ

Համազգայինի Մ. Եւ Հ. Արսլանեան Ճեմարանի եւ Երեւանի «Անանիա Շիրակացի»ի անուան Ճեմարանի միջեւ համագործակցութեան ծիրին մէջ, 6 Փետրուարէն 15 Փետրուար 2012, Ճեմարանի մէջ հիւրընկալուեցան Երեւանէն երկու ուսուցիչներ՝ Աշխէն Գրիգորեան եւ Արթուր Գաբրիէլեան։ Հայրենի հիւրերը յիշեալ 10 օրերուն մնայուն ներկայութիւն եղան դպրոցին մէջ եւ ծանօթացան Ճեմարանի բոլոր բաժիններուն, անոր մանկապարտէզէն մինչեւ երկրորդական դպրոց կրթական համակարգին, մասնաւորաբար հայերէնի, հայոց պատմութեան եւ գիտութեան դասանիւթերու ծրագիրներուն։ Անոնք վերոյիշեալ նիւթերու դասապահերուն ներկայ գտնուեցան՝ երբեմն իրենք դասաւանդեցին, երբեմն ալ դիտարկեցին։ Աշխէն Գրիգորեան եւ Արթուր Գաբրիէլեան միացեալ ժողովներ գումարեցին երկու տարբեր առիթներով՝ գիտութեան եւ հայոց պատմութեան ուսուցիչներուն հետ։ Չորեքշաբթի, 15 Փետրուարին, հայրենի ուսուցիչները ներկայ գտնուեցան դպրոցէն ներս տեղի ունեցած բոլոր ձեռնարկներուն. . Վարդանանք եւ բարեկենդան՝ մանկապարտէզի ու տարրական բաժինի մէջ։ . Վարդանանց եւ Արցախեան ազատագրական պայքարին նուիրուած ձեռնարկ՝ նախակրթարանի եւ միջնակարգի աշակերտներուն կազմակերպութեամբ։ Այս ձեռնարկին դասախօսեց Աշխէն Գրիգորեան։ . Լսարանական Միութեան կազմակերպած Արցախեան պայքարին նուիրուած ձեռնարկ։ Նոյն օրը, տնօրէնութեան կազմակերպութեամբ տեղի ունեցաւ հրաժեշտի ճաշկերոյթ, որուն ներկայ գտնուեցաւ Ճեմարանի ամբողջ անձնակազմը։ Հայրենի հիւրերուն այս այցելութիւնը օգտակար եղաւ բոլորին։ Կրթական ծրագիրներու փոխանակումէն բացի, տարբեր տեսակէտներու, մօտեցումներու մէկտեղումը դրական ազդեցութիւն ունեցաւ սփիւռքի եւ հայրենիքի կրթական ծրագիրներու համակարգումին եւ համահայկական կրթական դաշտի մը յառաջացման տեսակէտէն։