ԶՈՒԱՐԹՆՈՑ ԿԵԴՐՈՆԻ ՄԱՍԻՆ

Երկուշաբթի 27 Փետրուարէն Ուրբաթ 2 Մարտ, Ճեմարանի ընկերային ծառայող Սիլվա Քիւրքճեան այցելեց մանկապարտէզէն Զ. դասարաններու աշակերտներուն եւ խօսեցաւ Զուարթնոց կեդրոնի մասին, ներկայացնելով հոն յաճախող աշակերտներուն դիմագրաւած դժուարութիւնները։ Ընկերային ծառայողը շեշտեց, որ նպատակը միայն դրամահաւաք չէ, այլ՝ գիտակցիլ, որ կան նուազ կարողութիւններով օժտուած երեխաներ, որոնք իրաւունք ունին ուսման, հոգատարութեան եւ կարեւոր է այդպիսի անձերու նկատմամբ հոգատար ու սիրալիր վերաբերում ունենալ, ինչ որ մեծ ուրախութիւն պիտի պատճառէ անոնց։ Աշակերտները խոստացան միշտ նեցուկ կանգնիլ իրենցմէ տկար անձերուն։ Անոնք նաեւ գոհունակութեան զգացումը ունեցան, երբ անդրադարձան որ իրենց ներդրումը կրնան ունենալ Զուարթնոց յաճախող երեխաներուն առողջ կազմաւորման մէջ։