ՀԱՂՈՐԴԱԳՐՈՒԹԻՒՆ

Կազմակերպութեամբ Համազգայինի Փալանճեան-Արսլանեան Ճեմարանի շրջանաւարտներու միութեան վարչութեան, Հինգշաբթի, 16 Փետրուար 2012-ին, Համազգայինի Մելանքթոն եւ Հայկ Արսլանեան ճեմարանին մէջ տեղի ունեցաւ 2010-2011 տարեշրջանի «Մելանքթոն եւ Հայկ Արսլանեան» սերունդի ընդունելութիւնը` կնքահայրութեամբ Ճեմարանի տնօրէն Տիգրան Ճինպաշեանի: Վարչութեան անունով բարի գալուստի խօսք արտասանեց Փաթիլ Եսայեան, որ նշեց, թէ այս տարի 62 նոր անդամներ կը միանան շրջանաւարտներու միութեան: Ապա, խօսք առաւ օրուան կնքահայր Տիգրան Ճինպաշեան: Ան վեր առնելով Արսլանեան եղբայրներուն արժանիքները, ներկայացուց զանոնք, եւ ըսաւ, թէ անոնց նուիրական նուիրատուութիւնը, յատկապէս Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմի օրերուն, ապացոյց մըն էր Ճեմարանի նկատմամբ իրենց վստահութեան եւ անոր ազգային առաքելութեան: Ան խօսքը ուղղելով շրջանաւարտներուն բարի գալուստ մաղթեց միութեան շարքերուն մէջ եւ ըսաւ, թէ այսուհետեւ անոնք պարտաւոր են արժեւորել ճեմարանական ըլլալու կոչումը եւ իրենց ներդրումը ունենալ ազգային կեանքին մէջ: Ընդունելութեան աւարտին տեղի ունեցաւ հիւրասիրութիւն մը: Ընդունելութեան յաջորդեց Համազգայինի Փալանճեան-Արսլանեան Ճեմարանի շրջանաւարտներու միութեան 72-րդ ընդհանուր ժողովը: ժողովականները քննարկեցին միութեան վարչութեան գործունէութիւնը, առաջադրանքներ կատարեցին ու ընտրեցին վարչութեան նոր կազմը: Ատենապետ` Վաչէ Ծատուրեան Փոխատենապետ` Փաթիլ Եսայեան Քարտուղար` Սարին Եղիազարեան Գանձապահ` Կարօ Լուսարարեան Խորհրդականներ` Սեպուհ Տօնիկեան Նուպար Փեշտիմալճեան Մհեր Գաւլաքեան Նժդեհ Մկրտիչեան Հրակ Գարագաշեան ՀԱՄԱԶԳԱՅԻՆԻ ՓԱԼԱՆՃԵԱՆ-ԱՐՍԼԱՆԵԱՆ ՃԵՄԱՐԱՆԻ ՇՐՋԱՆԱՒԱՐՏՆԵՐՈՒ