«ԽԵՑԻՆԵՐ»

Ուրբաթ, 24 Փետրուար 2012-ին, Թ. դասարաններու աշակերտները ներկայ գտնուեցան «Հորիզոն» թմրամոլութեան նախազգուշական գրասենեակին կազմակերպած «Խեցիներ» թատերգութեան աշակերտական ելոյթին։ Ճեմարանի շրջանաւարտ Հրակ Փափազեան լաւագոյնս մարմնաւորեց կերպարը այն երիտասարդին, որ զաւակն է խման հօր ու անոր հարուածներուն մնայուն զոհը դարձած մօր։ Այդ զաւակը դարձած է թմրամոլ ու հասած բուժարան, ուր հոգածութեան կ՚արժանանայ մարդկային բարձր արժանիքներով օժտուած ընկերային ծառայողի մը (Դալար Խաչատուրեան)։ Կեանքէն յուսահատ երիտասարդը ի վերջոյ յենարան մը կը գտնէ…։ «Հորիզոն» թմրամոլութեան նախազգուշական գրասենեակը այս իւրայատուկ ձեւի ներկայացումով եւ դերասաններուն գնահատելի կատարումով յաջողեցաւ անհրաժեշտ պատգամը փոխանցել ներկայ աշակերտութեան։