ԲԱՐԵԿԵՆԴԱՆԸ ՄԱՆԿԱՊԱՐՏԷԶԻ ՄԷՋ

Մանկապարտէզի փոքրիկները իրենց շատ սիրելի տօնը՝ բարեկենդանը, նշեցին Չորեքշաբթի 15 Փետրուար 2012-ին։ Անոնք առաւօտեան սովորական ժամուն ծպտուած դպրոց ժամանեցին ։ Ուսուցիչները այդ օրուան համար յատուկ յայտագիր, խաղեր ու հիւրասիրութիւն պատրաստած էին։ Փոքրիկները երգեցին, պարեցին ու «տողանցեցին» մինչեւ տնօրէնութեան գրասենեակներն ու տարրական բաժին, այցելեցին իրենց մեծ ընկերներուն եւ անոնց հետ հաճելի ժամանակ անցուցին։