“HAPPY HOUR AT RD”

Երկրի տնտեսական կացութեան եւ սղութեան պատճառով, 2011-2012 տարեշրջանի աւարտական դասարանի ընկերային յանձնախումբը կազմակերպեց ձեռնարկ մը՝ տարեվերջի հանդէսի ծախսերը թեթեւցնելու նպատակով։ Ձեռնարկը՝ “Happy hour at Rd” անուան տակ, տեղի ունեցաւ Հինգշաբթի, 1 Մարտ 2012-ին, Roadster ճաշարանէն ներս, Ժալ Էլ Տիպ։ Ժամը 4։30-էն սկսեալ, մեծ ժպիտով ընդունեցինք մեզ քաջալերողները, որոնք մեծամասնութեամբ ճեմարանականներ էին։ Ներկայութիւնը մեր ակնկալածէն աւելի էր՝ 150 հոգի, աշակերտներ, ծնողներ, նաեւ՝ ուսուցիչներ։ Այս ճաշկերոյթի նախաձեռնութիւնը մեզ մղեց հաւաքական աշխատանքի, որուն հետեւանքով թէ´ աշակերտներուն միջեւ կապերը ջերմացան եւ թէ մեր նպատակը իրագործուեցաւ։ Սեպուհ Թորիկեան ԺԲ. դասարան