ԿԱՐԻՆԷ ԹՈՐՈՍԵԱՆԻ ԱՅՑԸ ՃԵՄԱՐԱՆ
Համազգայինի Մ. եւ Հ. Արսլանեան Ճեմարանի նախաձեռնութեամբ, Հայաստանի Կրթութեան եւ Գիտութեան Նախարարութեան Կրթութեան Ազգային Ինստիտուտի նախադպրոցական եւ տարրական բաժինի վարիչ Կարինէ Թորոսեան Պէյրութ հրաւիրուեցաւ՝ մայրենիի դասաւանդման դասալսումներ կատարելու համար Ճեմարանի մէջ: Կ. Թորոսեան տարբեր դասալսումներ կատարեց Ճեմարանի եւ Ազգային վարժարաններու Մանկապարտէզի, Տարրականի եւ Նախակրթարանի դասարաններուն մէջ, սփիւռքեան պայմաններուն…