«ՍԵՐՄՆԱՑԱՆՆԵՐ»

Չորեքշաբթի, 9 նոյեմբեր 2011-ին Տարրական բաժինի Բ. դասարաններու աշակերտները հայերէնի դասապահերուն դարձան մէկական սերմնացաններ իրենց դասի հերոսին՝ Արային նման։ Անոնք Պրն. Վարդգէսին գլխաւորութեամբ ցանեցին բողկ, ազատքեղ, ծոթրին եւ թրթնջուկ։ Աշակերտները յոյս ունին, որ մէկ ամիս ետք ցանքը կը հնձեն։