«ԻՆՔՆԱՃԱՆԱՉՈՒՄ, ԻՆՔՆԱՎՍՏԱՀՈՒԹԻՒՆ ԵՒ ԻՆՔՆԱԶՍՊՈՒՄ»

Աշակերտը նկարագրային լաւ յատկանիշներով օժտելու նպատակով, Ճեմարանի տնօրէնութեան մշակած «Ընկերային Կազմաւորման Ծրագիր»ը կ՚ընթանայ կրթական-ուսումնական ծրագրին զուգահեռ։ Յիշեալ ծրագրի Հոկտեմբեր ամսուան նիւթն էր «ինքնաճանաչում, ինքնավստահութիւն եւ ինքնազսպում»։ Դպրոցի ընկերային ծառայողը զայն ներկայացուց նախակրթարանի աշակերտներուն։ 31 Հոկտեմբեր եւ 1 Նոյեմբեր 2011-ին, ընկերային ծառայողը այցելեց Ե. եւ Դ. դասարաններու աշակերտներուն։ Դասապահու առաջին քառորդին ան փոխանցեց, թէ որքան կարեւոր է ինքնաճանաչումը մեր ինքնավստահութեան կերտման մէջ։ Երբ մենք գիտենք եւ կ՚ընդունինք մեր դրական եւ ժխտական կէտերը, լաւապէս կը տիրապետենք զանազան կացութիւններու։ Դասապահու երկրորդ քառորդին, պատմութիւն մը պատմուեցաւ աշակերտներուն փոքրիկի մը մասին, որ շատ լաւ ինքզինք կը ճանչնայ, կ՚ընդունի իր սխալները, կը սիրէ իր լաւ յատկանիշները եւ ձիրքերը ու ներդրում կ՚ունենայ ընկերութեան մէջ։ Երրորդ քառորդին, տուփիկի մը մէջ զետեղուեցան աշակերտներուն անունները։ Իւրաքանչիւր աշակերտ ընտրեց դասընկերներէն մէկուն անունը կրող թղթիկ մը եւ անոր մասին լաւ յատկանիշ մը ըսաւ։ Դասապահու աւարտին, եզրակացուեցաւ, որ բոլորս պէտք է լաւ ճանչնանք նախ մեր անձը, ապա մեր ընկեր-ընկերուհիները եւ աշխատինք հասկնալու եւ ճանչնալու մեր յատկանիշները, որպէսզի ինքնավստահ ըլլանք եւ այդպիսով կարենանք աւելի լաւ իրագործումներու ձգտիլ։