ԽԱՉՔԱՐ

Հայերէնի դասապահուն, Համօ Սահեանի «Խաչքար» բանաստեղծութիւնը սերտելէ ետք, Դ. դասարաններու աշակերտները աւելի եւս ծանօթանալու համար հայկական ծագում ունեցող այս ստեղծագործութեան, դիտեցին խաչքարերու նկարներ եւ Երկուշաբթի 31 Հոկտեմբեր 2011-ին, իրենց ուսուցչուհիին հետ կատարեցին ձեռային աշխատանք մը։ Աշակերտներէն իւրաքանչիւրը կաւով պատրաստեց խաչքար մը եւ իր հնարամտութեամբ զարդարեց ու գեղեցկացուց զայն։ Գիտելիքներու ամրապնդման զուգահեռ, այս աշխատանքը նպաստեց հայկական մշակոյթի ծանօթացման։