ԿԱՐԻՆԷ ԹՈՐՈՍԵԱՆԻ ԱՅՑԸ ՃԵՄԱՐԱՆ

Համազգայինի Մ. եւ Հ. Արսլանեան Ճեմարանի նախաձեռնութեամբ, Հայաստանի Կրթութեան եւ Գիտութեան Նախարարութեան Կրթութեան Ազգային Ինստիտուտի նախադպրոցական եւ տարրական բաժինի վարիչ Կարինէ Թորոսեան Պէյրութ հրաւիրուեցաւ՝ մայրենիի դասաւանդման դասալսումներ կատարելու համար Ճեմարանի մէջ: Կ. Թորոսեան տարբեր դասալսումներ կատարեց Ճեմարանի եւ Ազգային վարժարաններու Մանկապարտէզի, Տարրականի եւ Նախակրթարանի դասարաններուն մէջ, սփիւռքեան պայմաններուն մէջ՝ մայրենիի մատուցման ձեւերուն, ինչպէս նաեւ անոր ընկալման եւ գործածութեան չափին մասին իրազեկ դառնալու համար: Ապա ան աշխատանքային 3 սեմինարներ վարեց հայերէնի ուսուցիչներուն հետ, երեք տարբեր հանգրուաններով: Առաջին սեմինարով, ան շեշտը դրաւ մատուցելիք դաս մը արդիւնաւէտ դարձնելու կարեւորութեան վրայ եւ բոլոր ուսուցիչները հրաւիրեց, որ մտածեն դաս մը արդիւնաւէտ դարձնելու միջոցներուն մասին: Ուսուցիչները դասի արդիւնաւորման այլազան ձեւերուն մասին իրենց միտքերը եւ փորձառութիւնները փոխանցեցին մտագրոհի եղանակով: Անոնք խումբեր կազմելով փորձեցին մշակել դասի բնաբան մը պարզաբանելու եղանակ մը, ապա հաւաքաբար համադրեցին խումբերու առաջարկները։ Բոլոր ձեւերն ալ պէտք է ընթանան աշակերտակեդրոն ուսուցումով, այսինքն՝ կարեւորելով աշակերտի ինքնուրոյն աշխատանքի եւ մտքի զարգացման խթանումը, միշտ հրաժարելով ժամանկավրէպ դարձած ուսուցչակեդրոն դասախօսական ուսուցման ոճերէն: Երկրորդ սեմինարը յատկացուած էր մանկապարտէզին։ Կ. Թորոսեան շեշտեց, որ մանկապարտէզի ծրագրին մէջ պէտք է կարեւորել խօսքի զարգացումը երեխաներուն մօտ դասարանային բոլոր աշխատանքներուն ընթացքին, որովհետեւ խօսքի ուսուցումը անհատի ձեւաւորման եւ ազգային մշակոյթի իւրացման հիմնական նախապայմանն է: Սեմինարի աւարտին, ան մասնակցող բոլոր դպրոցներու մանկապարտէզներուն բաժնեց տարբեր ուսումնասիրութիւններ՝ «Զարգացնող Միջավայրը Մանկապարտէզի Մէջ» եւ «Վաղ Գրաճանաչութեան Ուսուցումը Մանկապարտէզին Մէջ» խորագիրներով: Երրորդ սեմինարը յատկացուած էր ԽԻԿ համակարգով դասաբլանի մը գործնական պատրաստութեան: Այսինքն՝ դասին նիւթը հանդիսացող բնաբանի մը տարբեր միաւորները կը ծրագրուին եւ կը կիրարկուին Խթանման, Իմաստաւորման եւ Կշռադատման երեք յաջորդական փուլերով: Խմբական աշխատանքով մը ուսուցիչները ընթերցանութեան դասի մը խթանման փուլը բնութագրեցին, աշակերտներուն միտքերը խթանելու միջոցները արտահանելով պատմուածքի վերնագրին, պարունակութեան եւ պատկերազարդումին օգտագործումով: Իմաստաւորման փուլը բնորոշուեցաւ աշակերտներուն լուռ ընթերցումով, որպէսզի ամէն աշակերտ փորձէ ինքնուրոյն կերպով հոն պահուած միտքերը գտնել: Լուռ ընթերցումէն ետք, ուսուցիչը ի՛նք պէտք է ընթերցէ պատմուածքը, հատուած առ հատուած, ճիշդ առոգանութեամբ ու կշռոյթով: Ապա ան իր հարցադրումներով, աշակերտներուն պէտք է օգնէ, որ պատմուածքէն փոխանցուող բոլոր յոյզերն ու զգայութիւնները որոնեն: Միաժամանակ, ուսուցիչը նոր բառերու իմաստը պէտք է փոխանցէ աշակերտներուն: Եւ այսպէս, պատմուածքի բոլոր հատուածներուն մէջ գտնուող գաղափարները եւ կերպարներու բնութագրումը բացայայտելէ ետք, ուսուցիչը կրնայ անցնիլ կշռադատման փուլին, ուր աշակերտները կը պատրաստուին գիրքի հարցումներուն պատասխանելու՝ գրաւոր կերպով: Երեք սեմինարներու աւարտին, Կ. Թորոսեան ուսուցիչներուն փոխանցեց ուսումնական ծրագիրներու եւ դասաւանդման մեթոտներու վերաբերեալ ծաւալուն ուսումնասիրական եւ գործնական նիւթեր: Կարինէ Թորոսեան դասախօսական ելոյթ մը ունեցաւ ծնողներուն համար, ուր ան արծարծեց երկու գլխաւոր խնդիրներ: Նախ խօսեցաւ անհամաձայն ամուսիններու ստեղծած ժխտական ազդեցութեան մասին՝ երեխաներու հոգեմտաւոր զարգացման վրայ եւ կարգ մը լուծումներ առաջարկեց: Ապա ան ծնողներու անսխալ հայերէնախօսութեան դերը կարեւորեց վաղ մանկութեան շրջանին, որպէսզի երեխային խօսքի զարգացումը ճիշդ ուղիներով ընթանայ, եւ մենք պահպանենք մեր լեզուն իր ամբողջական հարստութեամբ: Դասախօսութենէն ետք ան ծնողներուն բաժնեց «Երեխաներու զարգացման ուղենիշեր» վերնագրով փոքրիկ ուղեցոյց մը: Շուրջ երեք շաբաթ տեւած ուսումնասիրութենէ ետք, Կարինէ Թորսեան ըսաւ. «Ճեմարանն ուղղակի «շնչում է» հայեցի կրթութեամբ, հայրենասիրութեամբ, ամէնուր թեւածում է հայաշունչ ոգին։ Հաւատացած եմ՝ բոլորս պէտք է ապրենք այն գիտակցութեամբ, որ ժողովուրդն ամուր է իր արմատներով, լեզուով եւ մշակոյթով։ Մենք պէտք է սրբացնենք մայրենին եւ հասկանանք, որ շատ լեզուներ իմանալով հանդերձ, պէտք է խօսենք ու մտածենք հայերէն»։