ՇՆԻԿԸ ՄԱՆԿԱՊԱՐՏԷԶԻ ՄԷՋ

Մանկապարտէզի աշակերտները «հիւրընկալեցին» շնիկ մը: Անոնք մօտէն ծանօթացան ընտանի այս անասունին արտաքինին եւ յատկութիւններուն: Փոքրիկները ուրախութեամբ ու խանդավառութեամբ դիտեցին շնիկը։ Ոմանք համարձակութեամբ ու անվախօրէն մօտեցան անոր, շոյեցին, խաղացին եւ ի վերջոյ շնիկի մասին իրենց սորված երգով հրաժեշտ տուին անոր։