ԹՈՒԱԲԱՆՈՒԹԻՒՆԸ՝ ՀԱՄԱԿԱՐԳԻՉՈՎ

Երկուշաբթի, 31 Հոկտեմբեր 2011-ին Ե. դասարաններու թուաբանութեան ուսուցչուհին աշակերտներուն ներկայացուց երկրաչափութեան (géometrie) դասը համակարգչային տարբերակով։ Հետաքրքրական էր աստիճանաչափի (rapporteur) օգտագործումը եւ անկիւններու զետեղումը համակարգիչով։ Արդիական ոճով այս դասապահէն ետք, աշակերտները վերադարձան թուղթ ու գրիչին, որ դարերէ ի վեր առանց ելեկտրականութեան եւ յաւելեալ սարքերու կարիքի՝ աշակերտին, ուսուցիչին ու ամբողջ աշխարհի մարդկութեան զարգացման անգերազանցելի զէնքն է։