ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆ ՀՐՇԷՋՆԵՐՈՒ ԿԵԴՐՈՆ

Ուրբաթ, 16 Մարտ 2012-ին, մանկապարտէզի կապոյտ դասարաններու աշակերտները իրենց ուսուցիչներուն ընկերակցութեամբ այցելեցին հրշէջներու կեդրոն։ Աշակերտները դիտեցին հրշէջին տարազը եւ ստացան համապատասխան բացատրութիւնները։ Անոնք բարձրացան հրշէջներու ինքնաշարժը եւ ուսումնասիրեցին անոր զանազան բաժանումները։ Այս այցելութեամբ աշակերտները ամրապնդեցին իրենց բառամթերքն ու գիտելիքները։ Անոնք գոհ եւ ուրախ վերադարձան դպրոց։

ԽՈՅԶ-ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՄ

Մարտ ամսուան ընթացքին, տարրական բաժինի Գ. դասարաններու բոլոր աշակերտները ֆրանսերէնի դասապահուն ներկայացուցին իրենց աշխատանքները։ Աշակերտներուն մեծամասնութիւնը խոյզեր պատրաստած էր ջուրի մասին։ Կարգ մը աշակերտներ ալ գիտական փորձարկումներ կատարեցին տարբեր-տարբեր նիւթերու մասին։ Վերոյիշեալ աշխատանքը կը զարգացնէ աշակերտին բանաւոր արտայայտութիւնը, ինչպէս նաեւ կը նպաստէ անոր ընդհանուր զարգացման։

ՔԵՆ ԽԱՉԻԿԵԱՆ ՃԵՄԱՐԱՆԻ ՄԷՋ

Երկուշաբթի, 27 Փետրուար 2012-ին, Ճեմարան այցելեց Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբի նախագահ Քեն Խաչիկեան, ընկերակցութեամբ Միջին Արեւելքի Հայ դատի գրասենեակի ներկայացուցիչ Վերա Եագուպեանի։ Ան աշակերտներուն ներկայացուց Հայ դատի յանձնախումբի գործունէութիւնն ու դերը Միացեալ Նահանգներու մէջ շեշտելով, թէ ի´նչպէս ամերիկահայ երիտասարդները կը մասնակցին Հայ դատի աշխատանքներուն։ Այս առնչութեամբ ան ըսաւ,…

ՈՒՍՈՒՑԻՉՆԵՐՈՒ ՏՕՆԸ

Հինգշաբթի, 8 Մարտ 2012-ին, կէսօրէ ետք, ժամը 4։00-էն 6։00, աւարտական դասարանի աշակերտները իւրայատուկ ձեւով նշեցին ուսուցիչներու տօնը, Չալեան սրահին մէջ։ Ձեռնարկին հրաւիրուած էին երկրորդական բաժինի ուսուցիչները։ Բացման խօսքը կարդացին Արփի Մարոնեան եւ Սեպուհ Թորիկեան, որոնք ուսուցիչներուն մաղթեցին առողջութիւն, յաջողութիւն եւ երկար կեանք, ապա հրաւիրեցին տնօրէնը, որպէսզի իր խօսքը…

ՁԻՒՆԱԳՆԱՑՈՒԹԻՒՆ

Հինգշաբթի, 8 Մարտ 2012-ի առաւօտեան միջնակարգի աշակերտները իրենց ուսուցիչներուն ընկերակցութեամբ ճամբայ ելան դէպի Ֆարայա։ Ֆարայայէն Ֆաքրա տանող ճանապարհին, ձիւնածածկ լերան մը լանջին, աշակերտները հաճելի ժամեր անցուցին՝ սահելով ու ձիւնագնդակ խաղալով։ Ուրախ մթնոլորտը շարունակուեցաւ Մէյրուպայի մօտ գտնուող ճաշարանի մը մէջ,ուր ճաշելէ եւ հանգստանալէ ետք, ձիւնագնացները վերադարձան դպրոց։

ԵՐԵՒԱՆԻ «ԱՆԱՆԻԱ ՇԻՐԱԿԱՑԻ» ՃԵՄԱՐԱՆԻ ՈՒՍՈՒՑԻՉՆԵՐԸ ՃԵՄԱՐԱՆԻ ՄԷՋ

Համազգայինի Մ. Եւ Հ. Արսլանեան Ճեմարանի եւ Երեւանի «Անանիա Շիրակացի»ի անուան Ճեմարանի միջեւ համագործակցութեան ծիրին մէջ, 6 Փետրուարէն 15 Փետրուար 2012, Ճեմարանի մէջ հիւրընկալուեցան Երեւանէն երկու ուսուցիչներ՝ Աշխէն Գրիգորեան եւ Արթուր Գաբրիէլեան։ Հայրենի հիւրերը յիշեալ 10 օրերուն մնայուն ներկայութիւն եղան դպրոցին մէջ եւ ծանօթացան Ճեմարանի բոլոր բաժիններուն, անոր…

“HAPPY HOUR AT RD”

Երկրի տնտեսական կացութեան եւ սղութեան պատճառով, 2011-2012 տարեշրջանի աւարտական դասարանի ընկերային յանձնախումբը կազմակերպեց ձեռնարկ մը՝ տարեվերջի հանդէսի ծախսերը թեթեւցնելու նպատակով։ Ձեռնարկը՝ “Happy hour at Rd” անուան տակ, տեղի ունեցաւ Հինգշաբթի, 1 Մարտ 2012-ին, Roadster ճաշարանէն ներս, Ժալ Էլ Տիպ։ Ժամը 4։30-էն սկսեալ, մեծ ժպիտով ընդունեցինք մեզ քաջալերողները, որոնք…

ԶՈՒԱՐԹՆՈՑ ԿԵԴՐՈՆԻ ՄԱՍԻՆ

Երկուշաբթի 27 Փետրուարէն Ուրբաթ 2 Մարտ, Ճեմարանի ընկերային ծառայող Սիլվա Քիւրքճեան այցելեց մանկապարտէզէն Զ. դասարաններու աշակերտներուն եւ խօսեցաւ Զուարթնոց կեդրոնի մասին, ներկայացնելով հոն յաճախող աշակերտներուն դիմագրաւած դժուարութիւնները։ Ընկերային ծառայողը շեշտեց, որ նպատակը միայն դրամահաւաք չէ, այլ՝ գիտակցիլ, որ կան նուազ կարողութիւններով օժտուած երեխաներ, որոնք իրաւունք ունին ուսման, հոգատարութեան…

ԱՐՋԱՄՈՒԿԸ

Տարրական բաժինի Ա. Դասարաններու աշակերտները գիտութեան դասապահուն հիւրընկալեցին Դերային չարաճճի արջամուկը՝ Թայսընը։ Աշակերտները մեծ խանդավառութեամբ դիտեցին այս հետաքրքրական հիւրը, ուսումնասիրեցին զինք եւ անոր մասին տեղեկութիւններ ստացան։ Այս հիւրընկալութեամբ աշակերտները թէ´ զուարճացան եւ թէ ամրապնդեցին իրենց գիտելիքները։

ԹՈՒԱԲԱՆՈՒԹԻՒՆ՝ ԱՐԹՈՒՐ ԳԱԲՐԻԷԼԵԱՆԻ ՀԵՏ

Երեքշաբթի, 14 Փետրուար 2012-ին, Զ. դասարաններու աշակերտները թուաբանութեան դասապահուն կատարեցին խմբական աշխատանք (վարժութիւններ եւ տրամաբանական խնդիրներ), հսկողութեամբ՝ Երեւանի «Անանիա Շիրակացի» անուան Ճեմարանի ուսուցիչ Արթուր Գաբրիէլեանի։ Վերոյիշեալ աշխատանքին նպատակն է նիւթի իւրացում, խնդիրներու լուծում եւ մանաւանդ՝ համագործակցութիւն։

ՃԱՄԲՈՐԴՈՒԹԻՒՆ ԺԱՄԱՆԱԿԻ ՄԷՋ

Զ. Դասարաններու աշակերտները ֆրանսերէն լեզուով պատմութիւն-աշխարհագրութիւն դասանիւթի ծիրէն ներս սորվեցան Միջին Արեւելքի հին ժողովուրդներուն եւ անոնց մշակոյթին մասին։ Աշակերտները ըստ իրենց ընտրութեան կատարեցին ուսումնասիրութիւններ՝ երկրի մը եւ անոր բնակչութեան մասին։ Անոնք իրենց աշխատանքներուն ներկայացումը կատարելէ ետք, զանոնք զետեղեցին պատի թերթի վրայ։

ԼԵՎԱՄ

Կազմակերպութեամբ Հ.Մ.Ը.Մ.ի Շրջանային վարչութեան ԼԵՎԱՄ-ի յանձնախումբին, Կիրակի 26 Փետրուար 2012-ին, առաւօտեան ժամը 8-էն սկսեալ, Պուրճ Համուտի Քաղաքապետարանի դաշտին մէջ տեղի ունեցան ԼԵՎԱՄի աթլեթիզմի խաղերը, որոնք կ’ընդգրկէին կարճ եւ երկար վազքի, գունդի նետման, մէկ քայլ ոստումի եւ դրօշարշաւի մրցումներ: Այս մրցումներուն իրենց մասնակցութիւնը բերին լիբանանահայ 10 վարժարաններէ 177 երկսեռ…