LIVING COLORS

Չորեքշաբթի, 9 Մայիս 2012-ին, մանկապարտէզի վարդագոյն դասարանի աշակերտները իրենց ուսուցչուհիներուն ընկերակցութեամբ հաճելի ժամեր անցուցին «Living Colors» խաղավայրին մէջ։ Անոնք միասին խաղալէ ու զուարճանալէ ետք, շատ ուրախ, բայց նոյն ատեն յոգնած վերադարձան դպրոց։

ԸՆԹԵՐՑԱՆՈՒԹԵԱՆ ՇԱԲԱԹ

Տարրական բաժինի մէջ, 23-27 Ապրիլ երկարող շաբաթը յայտարարուեցաւ «ընթերցանութեան շաբաթ»։ Երկրորդ եւ երրորդ դասարանի աշակերտները լեզուի դասապահերուն գրադարանէն ընտրեցին եւ կարդացին իրենց նախասիրած գիրքերը՝ ուսուցիչին հսկողութեամբ եւ օգնութեամբ։

ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆ ԿԵՆԴԱՆԱԲԱՆԱԿԱՆ ՊԱՐՏԷԶ

Ուրբաթ, 27 Ապրիլ 2012-ին մանկապարտէզի կապոյտ դասարանի աշակերտները այցելեցին կենդանաբանական պարտէզ, ուր դիտեցին անասունները եւ ստացան իւրաքանչիւր անասունի համապատասխան բացատրութիւններ։ Աշակերտները այս այցելութեամբ ամրապնդեցին անասուններու մասին իրենց գիտելիքները: Անոնք հաճելի ժամանակ անցուցին եւ ուրախ ու խանդավառ վերադարձան դպրոց։

ՊԱՐՏԻԶՊԱՆՆԵՐ

Մայիս ամսուն հաճելի է խաղալով գիտելիքներ ամրապնդել պարտէզին մէջ։ Մանկապարտէզի վարդագոյն (Օրդ. Սիլվա) դասարանի աշակերտները պարտիզպաններ դարձած, բահ ու բրիչով զինուած՝ գեղեցկացուցին դպրոցի պարտէզներէն մէկը։ Անոնք փորեցին, հերկեցին, ցանեցին ու ցնցուղով ջրեցին հողը։

ԱՐՍԼԱՆԵԱՆՆԵՐԸ ՃԵՄԱՐԱՆԻ ՄԷՋ

Ճեմարանի աւագ բարերար Արսլանեան ընտանիքէն Տիկին Շաքէ Հայկ Արսլանեան եւ իր զաւակը՝ Արմէն, Շաբաթ 5 Մայիս, 2012-ին, կէսօրէ ետք, այցելեցին Ճեմարան: Անոնք հանդիպում ունեցան տնօրէն Տիգրան Ճինպաշեանի հետ, ապա անոր ընկերակցութեամբ այցելեցին Տոքթ. Ատրինէ Գարագաշեան սրահ, ինչպէս նաեւ շրջեցան դպրոցի զանազան բաժինները:

ԸՆԹԵՐՑԱՆՈՒԹԵԱՆ ՈՒ ԳԻՐՔԻ ՊԱՏՐԱՍՏՈՒԹԵԱՆ ՄՐՑԱՆԱԿՆԵՐ

Երկուշաբթի, 9 Ապրիլ 2012-ին տեղի ունեցան Համազգայինի «Վահէ Սէթեան» հրատարակչատան-գրատարածի կազմակերպած մանկապատանեկան գիրքերու եւ դաստիարակչական խաղերու ցուցահանդէսի փակման հանդիսութիւնը եւ ընթերցանութեան ու գիրքի պատրաստութեան մրցանակաբաշխութիւնները: Գիրքի պատրաստութեան մրցանքին միջնակարգի Է. եւ Թ. դասարանի աշակերտները տիրացան Ա. մրցանակին, իսկ Ը. դասարանի աշակերտները՝ Բ. մրցանակին։ Ստորեւ Ճեմարանի ընթեցանութեան մրցանքի մրցանակակիր…

«ՃԻՇԴ ՀՆՉԵՆՔ» ՅԱՅՏԱԳԻՐԻ ԱՒԱՐՏԱԿԱՆ ՀԱՆԳՐՈՒԱՆ

Կազմակերպութեամբ «Վանայ ձայն»-ի եւ հովանաւորութեամբ Այնճարի քաղաքապետութեան Շաբաթ, 28 Ապրիլ 2012-ին, երեկոյեան ժամը 5:00-ին, «Ազդակ»-ի «Փիւնիկ» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ «Ճիշդ հնչենք» յայտագիրի աւարտական հանգրուանն ու մրցանակաբաշխութիւնը: Յայտագիրի ընթացքին վերահսկեց Ազգային Քառասնից Մանկանց վարժարանի տնօրէն, լեզուաբան, հայագէտ Յովիկ Պերթիզլեան։ Աւարտական հանգրուան հասած էին 6 աշակերտներ` 6-րդ, 7-րդ եւ…

ՄԱՐԶԱԿԱՆ ԼՈՒՐԵՐ

Կազմակերպութեամբ Լիբանանի աթլեթիզմի ֆետերասիոնին Շաբաթ, 28 Ապրիլ 2012-ին, Լիբանանի համալսարանին դաշտին վրայ (Հատեթ) տեղի ունեցան լիբանանեան համալսարաններու աթլեթիզմի առաջին հանգրուանի մրցումները, որոնց մասնակցելու իրաւունք ունին նաեւ ակումբներ: Աղջկանց 400 մեթր վազքի մրցումներուն, Ճեմարանի աշակերտ եւ Շանվիլ ակումբին մաս կազմող Լոռի Թաշճեան հանդիսացաւ 2-րդ` արձանագրելով 1′ 00″ 8 արդիւնք…

ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ 97 ԱՄԵԱԿ

Ուրբաթ, 27 Ապրիլ 2012-ին, ժամը 1։30-ին նախակրթարանի աշակերտները նշեցին ցեղասպանութեան 97 ամեակը՝ ներկայութեամբ ծնողներուն, ուսուցիչներուն , եւ հիւրաբար նաեւ՝ հանրածանօթ դերասանուհի,բեմադրիչ, հրապարակագիր եւ բանաստեղծ Մարի Ռոզ Ապուսէֆեանի։ Ձեռնարկին բացման խօսքը ընթերցեց Լոռի Գորեսեան, ան ըսաւ. «Մենք՝ պատանիներս, պէտք է թիավարենք թշնամիին նենգամիտ հոսանքին դէմ եւ ասիկա կրնանք ընել՝…

ՃԱՏՐԱԿ

Կազմակերպութեամբ Անդրանիկ–Սեւան ակումբի ճատրակի վարչութեան եւ հովանաւորութեամբ Լիբանանի ճատրակի ֆետերասիոնին, Կիրակի, 22 Ապրիլ 2012-ին, Դարուհի-Յովակիմեան վարժարանին մէջ (Հըրշ Թապեթ), տեղի ունեցաւ ճատրակի տարեկան միօրեայ միջդպրոցական մրցաշարք մը: Այս մրցաշարքին իրենց մասնակցութիւնը բերին հայկական տասը վարժարաններու 37 երկսեռ աշակերտներ, հետեւեալ ձեւով. Ճեմարան` 13, Մեսրոպեան եւ Կերթմենեան` 7-ական, Կ. Բ….

ՀԱՅՈՑ ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ ԶԱՐԳԱՑՄԱՆ ՄՐՑՈՒՄ

«Պզտիկ-Մզտիկ»-ի հրատարակութեան 10-ամեակին առիթով «Ազդակ-ի մանկապատանեկան «Պզտիկ-Մզտիկ» յաւելուածի խմբագրական կազմին կազմակերպած հայոց պատմութեան զարգացման մրցումը տեղի ունեցաւ Կիրակի, 22 Ապրիլ 2012-ին, կէսօրէ ետք ժամը 4:00-ին: Զարգացման մրցումին մասնակցեցան հայկական 14 վարժարաններ։ Դատական կազմը բաղկացած էր հետեւեալներէն` Արմէն Իւրնեշլեան, Վիգէն Աւագեան եւ Րաֆֆի Տեմիրճեան, իսկ մրցումը կը վարէր Օրդ….

ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ 97 ԱՄԵԱԿԻ ՈԳԵԿՈՉՈՒՄ

Երկուշաբթի, 23 Ապրիլ 2012-ին, ժամը 1։30-ին Ճեմարանէն ներս տեղի ունեցաւ հայկական ցեղասպանութեան 97 ամեակի ոգեկոչման ձեռնարկը, ներկայութեամբ նախակրթարանի, միջնակարգի ու երկրորդական բաժինի աշակերտներուն եւ դպրոցի անձնակազմին։ Ձեռնարկը սկսաւ Հայաստանի քայլերգի յոտնկայս ունկնդրութեամբ։ Ցեղասպանութեան զանազան հանգրուաններէն մինչեւ ահաբեկչական արարքները ներկայացնող տեսերիզի մը ցուցադրութենէն ետք, Ը. դասարանէն Սերին Սարգիսեան երգեց…