ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ 97 ԱՄԵԱԿԻ ՈԳԵԿՈՉՈՒՄ

Երկուշաբթի, 23 Ապրիլ 2012-ին, ժամը 1։30-ին Ճեմարանէն ներս տեղի ունեցաւ հայկական ցեղասպանութեան 97 ամեակի ոգեկոչման ձեռնարկը, ներկայութեամբ նախակրթարանի, միջնակարգի ու երկրորդական բաժինի աշակերտներուն եւ դպրոցի անձնակազմին։ Ձեռնարկը սկսաւ Հայաստանի քայլերգի յոտնկայս ունկնդրութեամբ։ Ցեղասպանութեան զանազան հանգրուաններէն մինչեւ ահաբեկչական արարքները ներկայացնող տեսերիզի մը ցուցադրութենէն ետք, Ը. դասարանէն Սերին Սարգիսեան երգեց «Ils sont tombés», ապա ԺԲ. Դասարանի աշակերտներ Սարհատ Գեթսեմանեան, Արեւիկ Փափազեան, Թամար Սարգիսեան, Անտրէա Գաժագժեան եւ Սեպուհ Թորիկեան ասմունքեցին Վահան Թէքէեանի «Գեղօն հայ որբին» եւ «Հպարտութիւն» բանաստեղծութիւնները։ Այնուհետեւ Ը. դասարանի աշակերտները մեծ յաջողութեամբ ու գնահատելի կատարողութեամբ բեմականացուցին Աւետիս Ահարոնեանի «Արիւնոտ թթխմոր»ը։ Ձեռնարկի գեղարուեստական բաժինը շարունակեցին Է. դասարանէն Արին Թաշճեան, Յակոբ Թաշճեան եւ Նարէ Աշգարեան ասմունքելով Մատթէոս Զարիֆեանի «Ծառը» բանաստեղծութիւնը, ապա Թ. դասարանէն Միրէյ Սալորեան Դ. դասարանի աշակերտներուն ընկերակցութեամբ երգեց «Թող հնչէ շեփոր» եւ «Քարաւան»։ Օրուան պատգամը փոխանցեց տնօրէն Տիգրան Ճինպաշեան, որ բարձր գնահատելէ ետք աշակերտական ելոյթները, ըսաւ. «Սիրելի´ աշակերտներ, դուք արդէն ձեր ներկայացուցած այս գեղարուեստական յայտագրով փոխանցեցիք օրուան պատգամը։ Ես պարզապէս զայն պիտի շեշտեմ հիմա։ Մ. Զարիֆեանի ակնարկած ծառը, որ դարեր մնացեր է այդ դաշտին մէջ, որուն բունը հաստցեր է, եւ ծառը մեծցեր ու թէեւ փոթորիկներ եւ արհաւիրքներ տեսեր, բայց այդ ծառը անդադար ծաղկեր է։ Օր մը, երբ չար մարդիկ այդ ծառը արմատախիլ ըրին, ըստ Զարիֆեանի, ծառը վերածուեցաւ տեսակ մը գերեզմանի, սակայն հետագային այդ ծառին կողէն ելան բարունակներ, նոր ծիլեր, որոնք մեծնալով նոր ծառեր դարձան։ Այդ ծիլերը մենք ենք, դուք էք…։ Բազմաթիւ վտանգներու դիմադրելէ ետք, այդ ծառը կանգուն մնաց, ինչպէս մենք՝ եղեռնէն ետք, ծիլ տուինք, բազմացանք, շարունակեցինք ստեղծագործել ու յարատեւել։ Սիրելի´ աշակերտներ, դուք այսօր այս ձեռնարկը որոշած էք փակել «Զարթի´ր Լաօ» երգով, որպէսզի այդ ծիլը իրապէս նախկին ծառի դերը կատարէ, պիտի յիշեմ այդ երգին վերջին տունը, որ յաճախ կը մոռցուի. Հոն կ՚ըսուի՝ ալ ի´նչ իյնամ օտար դռներ, երթամ փնտռեմ իմ խեղճ գառներ, սարքեմ իմ տուն ու այգի, զարթի´ր լաօ…։ Այս կը նշանակէ որ ճակատագրի բերումով մենք՝ թափառական ու օտար դռներ հասած եւ հոն ծլարձակած, օր մը պիտի որոշենք վերադառնալ ՄԵՐ ՏՈՒՆԸ, պիտի գտնենք ՄԵՐ ԳԱՌՆԵՐԸ՝ մեր ունեցուածքը, պիտի շինենք ՄԵՐ ՏՈՒՆԸ, ՄԵՐ ԱՅԳԻՆ, որպէսզի անգամ մը եւս կեանքը սկսի հոն։ Տունդարձը խօսքով չ՚ըլլար, այլ պէտք է պայքարով, աշխատանքով եւ գիտութեամբ պատրաստուինք, որպէսզի օր մը երբ շեփորը հնչէ ջահը վերցնելու եւ երթալու տունը շինելու, մենք հաստատ քայլերով յառաջ երթանք»։ Տնօրէնի խօսքէն ետք, տեղի ունեցաւ «Նազ պար» մը եւ ձեռնարկը փակուեցաւ «Խուժան ասկեար» երգով։