«ՃԻՇԴ ՀՆՉԵՆՔ» ՅԱՅՏԱԳԻՐԻ ԱՒԱՐՏԱԿԱՆ ՀԱՆԳՐՈՒԱՆ

Կազմակերպութեամբ «Վանայ ձայն»-ի եւ հովանաւորութեամբ Այնճարի քաղաքապետութեան Շաբաթ, 28 Ապրիլ 2012-ին, երեկոյեան ժամը 5:00-ին, «Ազդակ»-ի «Փիւնիկ» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ «Ճիշդ հնչենք» յայտագիրի աւարտական հանգրուանն ու մրցանակաբաշխութիւնը: Յայտագիրի ընթացքին վերահսկեց Ազգային Քառասնից Մանկանց վարժարանի տնօրէն, լեզուաբան, հայագէտ Յովիկ Պերթիզլեան։ Աւարտական հանգրուան հասած էին 6 աշակերտներ` 6-րդ, 7-րդ եւ 8-րդ դասարաններէն երկուքական աշակերտներ: Այս տարուան յայտագիրին իրենց մասնակցութիւնը բերած էին 16 վարժարաններէ 43 աշակերտ: Իւրաքանչիւր դասարանէ երկու աշակերտներ մրցակցեցան իրարու հետ ճիշդ հնչելով իւրաքանչիւր դասարանի համար պատրաստուած բառերը եւ այդ մրցումին արդիւնքին հիմամբ երեք մրցանակակիրներ ստացան նիւթական պարգեւներ (500,000 լ. ո. իւրաքանչիւրին)` տրամադրուած Այնճարի քաղաքապետութեան կողմէ, իսկ մասնակից աշակերտները բոլորն ալ ստացան նուէրներ` տրամադրուած «Վանայ ձայն»-ի տնօրէնութեան կողմէ: Ճեմարանի աշակերտներէն մրցանակակիրներն են Արիանէ Թասլաքեան եւ Նարօտ Սերուժեան, իսկ Սեւանա Պոյաճեան հանդիսացաւ երկրորդ։