ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ 97 ԱՄԵԱԿ

Ուրբաթ, 27 Ապրիլ 2012-ին, ժամը 1։30-ին նախակրթարանի աշակերտները նշեցին ցեղասպանութեան 97 ամեակը՝ ներկայութեամբ ծնողներուն, ուսուցիչներուն , եւ հիւրաբար նաեւ՝ հանրածանօթ դերասանուհի,բեմադրիչ, հրապարակագիր եւ բանաստեղծ Մարի Ռոզ Ապուսէֆեանի։ Ձեռնարկին բացման խօսքը ընթերցեց Լոռի Գորեսեան, ան ըսաւ. «Մենք՝ պատանիներս, պէտք է թիավարենք թշնամիին նենգամիտ հոսանքին դէմ եւ ասիկա կրնանք ընել՝ իբրեւ զէնք գործածելով հա´յ լեզուն, հա´յ մամուլը եւ հա´յ մշակոյթը։ Ճանչնանք մեր պատմութիւնը, քաջալեր դառնանք հայ գիրքին եւ թերթին, վա´ռ պահենք մեր ազգային արժէքները, ապա՝ զարգացած եւ գիտելիքներով զինուած, ցոյց տանք աշխարհին, թէ ջարդ տեսած, սակայն վերապրած հայ ժողովուրդը ունի արժանաւոր ժառանգորդներ, բարոյական հսկայ հարստութիւն եւ արդա´ր իրաւունքներ»։ Ձեռնարկի գեղարուեստական բաժինը սկսաւ Զ. դասարաններու աշակերտներուն պատրաստած տեսերիզով, որ կ՚ընդգրկէր ցեղասպանութեան պատմութիւնը մինչեւ ահաբեկչութիւններ, ապա Հայկ Աւետիս եւ Ռազմիկ Տէրունեան ասմունքեցին Գէորգ Էմինի «Չյագեցած վրէժ»ը։ Նանի Գալուստեան սրինգով նուագեց «Կիլիկիա» եւ «Օրօր», ապա Դ. դասարանի աշակերտները երգեցին «Թող հնչեն շեփորք»ը։ Նարօտ Խաչատուր ասմունքեց Յովհաննէս Շիրազի «Մենք խաղաղ էինք» բանաստեղծութիւնը, ապա Շահան Հաւաթեան, Վահագն Պէզճեան, Ճորճիօ Ֆեղալի, Կարօ Գրիգորեան եւ Քրիսթիան Գապաքեան տհոլներով նուագ մը ներկայացուցին։ Ե. դասարանի աշակերտները ասմունքեցին Ժագ Ս. Յակոբեանի «Ուխտ Ապրիլեան»ը, ապա Կայէլ Գրիգորեան քանոնով նուագեց «Քելէ-Քելէ», որմէ ետք Ե. դասարանի աշակերտուհիները ներկայացուցին հայկական պար մը։ Օրուան պատգամը փոխանցեց մտաւորական Եսայի Հաւաթեան, որ Արմէն Անոյշի (Արմէն Մարաշլեան) «Արեան Ճանապարհով» գիրքէն դրուագներու ընդմէջէն ներկայացուց ցեղասպանութենէն վերապրողներուն կրած չարչարանքները, զրկանքներն ու տառապանքը, շեշտելով հայ մայրերու կամքը, ուժն ու զոհողութիւնները, երբ արական սեռի բացակայութեան՝ անոնց ուսերուն ծանրացան գոյատեւման ուղիին վրայ գտնուող բոլոր դժուարութիւնները։ Ձեռնարկի աւարտին Մարի Ռոզ Ապուսէֆեան փոխանցեց իր սրտի խօսքը։ Յիշենք, որ նախակրթարանի աշակերտները Ապրիլ ամսուան ընթացքին հայոց պատմութեան դասանիւթի ծիրին մէջ ներկայացուցին իրենց կատարած աշխատանքները հետեւեալ նիւթերով. Դ. դասարաններ՝ Պատմական Հայաստանի զանազան շրջաններու ներկայացում, Ե. դասարաններ՝ Մշակութային ջարդ, իսկ Զ. դասարաններ՝ Պահանջատիրութեան նիւթով որմազդներ։