ՄԱՐԶԱԿԱՆ ԼՈՒՐԵՐ

Կազմակերպութեամբ Լիբանանի աթլեթիզմի ֆետերասիոնին Շաբաթ, 28 Ապրիլ 2012-ին, Լիբանանի համալսարանին դաշտին վրայ (Հատեթ) տեղի ունեցան լիբանանեան համալսարաններու աթլեթիզմի առաջին հանգրուանի մրցումները, որոնց մասնակցելու իրաւունք ունին նաեւ ակումբներ: Աղջկանց 400 մեթր վազքի մրցումներուն, Ճեմարանի աշակերտ եւ Շանվիլ ակումբին մաս կազմող Լոռի Թաշճեան հանդիսացաւ 2-րդ` արձանագրելով 1′ 00″ 8 արդիւնք մը: Ան արձանագրելով այս արդիւնքը բարելաւեց նախապէս այլ առիթներով իր արձանագրած արդիւնքները: Կազմակերպութեամբ նախկին Խորհրդային Միութեան համալսարանաւարտներու ճատրակի ակումբին եւ հսկողութեամբ Լիբանանի ճատրակի ֆետերասիոնին, Կիրակի, 29 Ապրիլին, վերոնշեալ ակումբին մէջ (ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի շրջան) տեղի ունեցաւ ճատրակի գարնանային մրցաշարք մը: Տղոց 8 տարեկանէն վար դասակարգին մէջ Լիբանանի ախոյեան Ճեմարանի աշակերտ Հրակ Լախեան առաւելագոյն 6 կէտը ապահովելով տիրացաւ առաջնութեան: Տղոց 10 տարեկանէն վար դասակարգին մէջ Ճեմարանի աշակերտ Հրայր Գասապեան առաւելագոյն 7 կէտը ապահովելով խլեց առաջնութիւնը: