ՀԱՅՈՑ ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ ԶԱՐԳԱՑՄԱՆ ՄՐՑՈՒՄ

«Պզտիկ-Մզտիկ»-ի հրատարակութեան 10-ամեակին առիթով «Ազդակ-ի մանկապատանեկան «Պզտիկ-Մզտիկ» յաւելուածի խմբագրական կազմին կազմակերպած հայոց պատմութեան զարգացման մրցումը տեղի ունեցաւ Կիրակի, 22 Ապրիլ 2012-ին, կէսօրէ ետք ժամը 4:00-ին: Զարգացման մրցումին մասնակցեցան հայկական 14 վարժարաններ։ Դատական կազմը բաղկացած էր հետեւեալներէն` Արմէն Իւրնեշլեան, Վիգէն Աւագեան եւ Րաֆֆի Տեմիրճեան, իսկ մրցումը կը վարէր Օրդ. Թալին Օրտողլեան: Բարի գալուստի խօսքէն եւ մրցումի կազմակերպման նպատակին մասին հակիրճ բացատրութիւն ներկայացնելէ ետք սկսաւ մրցումը: Մասնակից աշակերտները պատասխանեցին 40 հարցումներու: Աշակերտներուն ապահոված նիշերէն ի յայտ եկաւ, որ բոլոր դպրոցներն ալ շատ լաւ ձեւով պատրաստուած էին այս մրցումին: Մրցումի աւարտին յայտարարուեցան արդիւնքները. հայոց պատմութեան զարգացման մրցումին առաջին հանդիսացող խմբակն էր Համազգայինի Մելանքթոն եւ Հայկ Արսլանեան Ճեմարանի աշակերտները (Նանի Գալուստեան, Հայկ Աւետիս, Մհեր Փելթեքեան, Լոռի Գորէսեան), երկրորդը` Ազգային Եղիշէ Մանուկեան քոլեճի աշակերտները, իսկ երրորդը` Ազգային Յառաջ-Գ. Կիւլպենկեան վարժարանի աշակերտները: Երկրորդ եւ երրորդ հանդիսացող խումբերը ստացան Գէորգ Աբէլեանի գիրքերէն «Մա՛մ, քոյրիկս մի՛ ծախեր» եւ «Նետենք, բռնենք» գիրքերը, մինչ առաջին հանդիսացող խումբը իբրեւ նուէր ստացաւ եօթը օր Հայաստան այցելութիւն, կեցութեամբ եւ պտոյտներով. սոյն այցելութեան ընթացքին խումբի անդամները աւելի մօտէն պիտի ծանօթանան հայոց պատմութեան եւ ներկայ Հայաստանի տեսարժան ու պատմական վայրերուն: