ՃԱՏՐԱԿ

Կազմակերպութեամբ Անդրանիկ–Սեւան ակումբի ճատրակի վարչութեան եւ հովանաւորութեամբ Լիբանանի ճատրակի ֆետերասիոնին, Կիրակի, 22 Ապրիլ 2012-ին, Դարուհի-Յովակիմեան վարժարանին մէջ (Հըրշ Թապեթ), տեղի ունեցաւ ճատրակի տարեկան միօրեայ միջդպրոցական մրցաշարք մը: Այս մրցաշարքին իրենց մասնակցութիւնը բերին հայկական տասը վարժարաններու 37 երկսեռ աշակերտներ, հետեւեալ ձեւով. Ճեմարան` 13, Մեսրոպեան եւ Կերթմենեան` 7-ական, Կ. Բ. Վ., Թորոսեան եւ Եղիշէ Մանուկեան` 2-ական, Թէքէեան, Կարմիրեան, Դարուհի-Յովակիմեան եւ Նազարեան` մէկական: 8 տարեկանէն վար դասակարգին մէջ առաջին հանդիսացաւ Հրակ Լախեան, Արմէն Եղիայեան հանդիսացաւ երկրորդ (4,5 կէտ), իսկ Պետօ Գալուստեան` երրորդ (4 կէտ): 10 տարեկանէն վար առաջին դիրքը գրաւեց Կարէն Խալոյեան (5 կէտ), երկրորդ դիրքը 4,5 կէտով գրաւեց Վարագ Կէօզիւպէօյիւքեան, իսկ երրորդ դիրքը գրաւեց Լեւոն Գալայճեան: 12 տարեկանէն վար դասակարգին մէջ առաջին դիրքը գրաւեց Գարլօ Դարբինեան։ 18 տարեկանէն վար երկրորդ դիրքը գրաւեց Հրակ Գըլըպոզեան (6 կէտ): Աղջկանց դասաւորման մէջ երրորդ դիրքը գրաւեց Նարօտ Գըլըպոզեան (10 տարեկան վար): Շաբաթ, 31 Մարտ 2012-ին, Ժամհուր վարժարանին մէջ ամբողջացաւ Լիբանանի ճատրակի 2012-ի տարիքային ախոյեանութիւնը, երբ տեղի ունեցան վերջին հանգրուանի մրցումները:Երկու շաբաթ առաջ Հրակ Լախեան եւ Նարօտ Գըլըպոզեան հանդիսացած էին ախոյեան, յաջորդաբար տղոց 8 եւ աղջկանց 10 տարեկանէն վար դասակարգերուն մէջ: 12 տարեկանէն վար դասակարգին մէջ ախոյեան հանդիսացաւ Քարլօ Դարբինեան` ապահովելով 5 կէտ: Հայկ Աւետիս հանդիսացաւ 4-րդ (4 կէտ), իսկ Արի Աւետիս` 5-րդ (4 կէտ): 14 տարեկանէն վար դասակարգին, Լիբանանի ախոյեան հանդիսացաւ Հրակ Գըլըպոզեան: 10 տարեկանէն վար դասակարգին մէջ 2-րդ եւ 3-րդ դիրքերը գրաւեցին Լեւոն Գալայճեան (5 կէտ) եւ Կարէն Խալոյեան (5 կէտ):