ՈՒՍՄԱՆ ԿՈՂՄՆՈՐՈՇՈՒՄ (ՊԱԼԱՄԱՆՏ)

Երկուշաբթի, 19 Նոյեմբեր 2012-ին Պալամանտ համալսարանէն Պահիյա Ապտալլա եւ Ռուպինա Քարհիլի աշակերտներուն ներկայացուցին Պալամանտ համալսարանի երեք բաժանումնեըը՝ ALBA (Sin-el-fil), Balamand (Koura), Balamand Medical School (St. George հիւանդանոց)։ Անոնք շեշտեցին երկու մասնագիտութիւններ, որոնց համար գործի լայն դաշտ կայ՝ Public health եւ nursing։

«ԽԱՉԻԿ ՊԱՊԻԿԵԱՆ ՀԻՄՆԱԴՐԱՄ»-Ի ՄՐՑԱՆԱԿԱԲԱՇԽՈՒԹԻՒՆ

Կիրակի, 18 Նոյեմբեր 2012-ին, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան վեհարանի դահլիճին մէջ տեղի ունեցաւ «Խաչիկ Պապիկեան հիմնադրամ»-ի կազմակերպած հայոց լեզուի, գրականութեան եւ հայոց պատմութեան, հայ մշակոյթի եւ կրօնագիտական նիւթերու մրցանքներուն մրցանակաբաշխութեան հանդիսութիւնը: Կաթողիկոսարանի Հայագիտական եւ կրթական հարցերու գրասենեակի վարիչ Սարգիս Կիրակոսեան շեշտեց, որ մեծագոյն յաղթականը այսօր հա՛յ դպրոցն է,…

ԱՌՈՂՋԱՊԱՀՈՒԹԻՒՆ

Տրուած ըլլալով, որ առողջ միտքը առողջ մարմնի մը մէջ կը կայանայ, 5-էն 9 Նոյեմբեր 2012 շաբթուան ընթացքին տեղի ունեցան առողջապահական քննութիւններ՝ մանկապարտէզէն մինչեւ երկրորդական։ Այս քննութիւնները կատարուեցան Ճեմարանի առողջապահութեան պատասխանատու Քրիստին Մխճեանի հսկողութեամբ եւ համագործակցութեամբ Գարակէօզեան Հիմնարկի անձնակազմին։ Քննութիւններուն մասնակցեցան բժիշկներ՝ Տոքթ. Պըրժէուի (ակնաբոյժ) տեսողութեան քննութեան, Տոքթ. Քէլէշեան…

ԳԻՐՔԻ ՑՈՒՑԱՀԱՆԴԷՍ

Երկուշաբթի, 12 եւ Երեքշաբթի, 13 Նոյեմբեր 2012-ին, տարրական բաժինի Ա. եւ Բ. դասարաններու աշակերտները իրենց ուսուցիչներուն ընկերակցութեամբ գացին Կաթողիկոսարանի կազմակերպած գիրքի ցուցահանդէսին։ Անոնք մեծ հետաքրքրութեամբ դիտեցին մանկական գիրքերը։ Ա. դասարաններու աշակերտները նուէրներ ստացան, իսկ Բ. դասարաններու աշակերտները գիրքեր գնեցին եւ վերադարձան դպրոց։

ԵՐԱԺՇՏԱԿԱՆ ԳՈՐԾԻՔՆԵՐ

Տարրական բաժինի Բ. դասարաններու աշակերտները ֆրանսերէնի դասապահուն ծանօթացան երաժշտական գործիքներու եւ լսեցին անոնց ձայները։ Ամրապնդելու համար իրենց գիտելիքները, աշակերտները հետաքրքրական խոյզեր պատրաստեցին զանազան նուագարաններու մասին։

ՄԱՍՆԱԿՑՈՒԹԻՒՆ ԼԵՎԱՄԻ ՃԱՏՐԱԿԻ ՄՐՑՈՒՄԻՆ

Կիրակի, 4 Նոյեմբեր 2012-ին տարրական բաժինէն խումբ մը աշակերտներ մասնակցեցան ԼԵՎԱՄԻ ճատրակի մրցաշարքին։ Արմէն Եղիայեան հանդիսացաւ առաջին, իսկ Ալիք Հաճինեան՝ երրորդ։ Շատ լաւ արդիւնք արձանագրեցին նաեւ՝ Վարագ Մեսրոպեան, Միկել Խանճեան, Արամ Հանտեան, Լիլա Մաքտեսեան եւ Քրիստ Պարսումեան։

ԼԵՎԱՄ-Ի ՃԱՏՐԱԿԻ ՄՐՑԱՇԱՐՔ

Կիրակի, 11 Նոյեմբեր 2012-ին, տեղի ունեցաւ ԼԵՎԱՄ-ի 2012-2013 տարեշրջանի ճատրակի մրցաշարքը` «Աղբալեան ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրի «Ատոմ եւ Սելլա Թնճուկեան» մարզադաշտին վրայ: Մրցաշարքին իրենց մասնակցութիւնը բերին 8 վարժարաններէ 103 աշակերտներ: Բաւական սուր մրցակցութենէ մը ետք, 16.5 կէտով առաջին հանդիսացաւ Համազգայինի Մելանքթոն եւ Հայկ Արսլանեան Ճեմարանը, որ միայն կէս կէտի…

ՈՒՍՄԱՆ ԿՈՂՄՆՈՐՈՇՈՒՄ (AUB)

Չորեքշաբթի, 7 Նոյեմբեր 2012-ին, Պէյրութի Ամերիկեան համալսարանէն Եասմին Խաթթապ աշակերտներուն ներկայացուց համալսարան ընդունման անհրաժեշտ բոլոր պայմանները։ Ան շեշտեց, որ ընտրեն այնպիսի մասնագիտութիւններ, որոնք կը համապատասխանեն իրենց կարողութեան ու նկարագիրին։ Ան պատասխանեց աշակերտներուն հարցումներուն եւ բաժնեց ընդունման հարցարաններ։

ԴԷՊԻ ԱՐԱՐԱՏ

Ճեմարանի շրջանաւարտներ Կարէն Պօղոսեան եւ Արմէն Պչաքճեան 19 Օգոստոս 2012-ին սփիւռքի տարբեր երկիրներէ խումբ մը հայ երիտասարդներու հետ նուաճած են Արարատի գագաթը եւ հոն պարզած եռագոյն դրօշը։ Ուրբաթ, 9 Նոյեմբեր 2012-ին Արմէնն ու Կարէնը այցելեցին Ճեմարան եւ իրենց փորձառութիւնը նկարներու ցուցադրութեամբ ներկայացուցին նախակրթարանի Դ. դասարանի աշակերտներուն, աշխարհագրութեան դասի…

ԱՐՄԱՒԸ

Մանկապարտէզի կապոյտ դասարաններու աշակերտները իրենց ուսուցիչներուն ընկերակցութեամբ Չորեքշաբթի 7 եւ Հիգշաբթի 8 Նոյեմբեր 2012-ին այցելեցին Անթիլիասի Մայրավանք։ Նոյեմբեր ամսուան կեդրոնական նիւթերէն մէկուն՝ արմաւին, լաւապէս ծանօթանալէ ետք, փոքրիկները դիտեցին վանքին շրջափակէն ներս գտնուող արմաւենիները, ապա աղօթեցին ու վերադարձան դպրոց։ Տեսնելը չի բաւեր… պէտք է շօշափել ու համտեսել։ Փոքրիկները մեծ…

ՄԱՐԶԱԿԱՆ ԼՈՒՐԵՐ

Կազմակերպութեամբ ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային Վարչութեան ԼԵՎԱՄ-ի յանձնախումբին եւ գործակցութեամբ ՀՄԸՄ-ի աթլեթիզմի յանձնախումբին` Կիրակի, 4 Նոյեմբեր 2012-ին, տեղի ունեցաւ ԼԵՎԱՄ-ի 2012-2013 տարեշրջանի մինի մարաթոնը` Պուրճ Համուտի մէջ: Այս մարաթոնին իրենց մասնակցութիւնը բերին 170 աշակերտ-աշակերտուհիներ, որոնք կը ներկայացնէին լիբանանահայ 10 վարժարաններ: Մրցումի աւարտին տեղի ունեցաւ մրցանակաբաշխութիւն. ստորեւ Ճեմարանի աշակերտներուն արձանագրած…

ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆ ԳՐԱԽԱՆՈՒԹ

Հինգշաբթի, 1 Նոյեմբեր 2012-ին մանկապարտէզի կանաչ դասարաններու աշակերտները իրենց ուսուցիչներուն ընկերակցութեամբ այցելեցին «Մուաաուատ» գրախանութը։ Անոնք շրջեցան գրախանութին զանազան բաժինները եւ դիտեցին գրենական պիտոյքները։ Այս այցելութեամբ աշակերտները ամրապնդեցին գրախանութի վերաբերեալ իրենց գիտելիքներն ու բառամթերքը։