ԱՌՈՂՋԱՊԱՀՈՒԹԻՒՆ

Տրուած ըլլալով, որ առողջ միտքը առողջ մարմնի մը մէջ կը կայանայ, 5-էն 9 Նոյեմբեր 2012 շաբթուան ընթացքին տեղի ունեցան առողջապահական քննութիւններ՝ մանկապարտէզէն մինչեւ երկրորդական։ Այս քննութիւնները կատարուեցան Ճեմարանի առողջապահութեան պատասխանատու Քրիստին Մխճեանի հսկողութեամբ եւ համագործակցութեամբ Գարակէօզեան Հիմնարկի անձնակազմին։ Քննութիւններուն մասնակցեցան բժիշկներ՝ Տոքթ. Պըրժէուի (ակնաբոյժ) տեսողութեան քննութեան, Տոքթ. Քէլէշեան (մանկաբոյժ) մարմնի ընդհանուր քննութեան եւ Տոքթ. Սթեֆան (ատամնաբոյժ) ակռայի քննութեան։ Այս քննութիւններուն ընթացքին տեղի ունեցան նաեւ առողջապահական դասախօսութիւններ։ Քննութիւններուն արդիւնքները մօտ օրէն պիտի փոխանցուին ծնողներուն, որպէսզի ի հարկին իրենց զաւակներուն առողջական վիճակին բարելաւման յատուկ քայլեր առնուին։