ԱՐՄԱՒԸ

Մանկապարտէզի կապոյտ դասարաններու աշակերտները իրենց ուսուցիչներուն ընկերակցութեամբ Չորեքշաբթի 7 եւ Հիգշաբթի 8 Նոյեմբեր 2012-ին այցելեցին Անթիլիասի Մայրավանք։ Նոյեմբեր ամսուան կեդրոնական նիւթերէն մէկուն՝ արմաւին, լաւապէս ծանօթանալէ ետք, փոքրիկները դիտեցին վանքին շրջափակէն ներս գտնուող արմաւենիները, ապա աղօթեցին ու վերադարձան դպրոց։ Տեսնելը չի բաւեր… պէտք է շօշափել ու համտեսել։ Փոքրիկները մեծ ախորժակով կերան թարմ արմաւը, ինչպէս նաեւ՝ արմաւով պատրաստուած քաղցրեղէն մը։