ԴԷՊԻ ԱՐԱՐԱՏ

Ճեմարանի շրջանաւարտներ Կարէն Պօղոսեան եւ Արմէն Պչաքճեան 19 Օգոստոս 2012-ին սփիւռքի տարբեր երկիրներէ խումբ մը հայ երիտասարդներու հետ նուաճած են Արարատի գագաթը եւ հոն պարզած եռագոյն դրօշը։ Ուրբաթ, 9 Նոյեմբեր 2012-ին Արմէնն ու Կարէնը այցելեցին Ճեմարան եւ իրենց փորձառութիւնը նկարներու ցուցադրութեամբ ներկայացուցին նախակրթարանի Դ. դասարանի աշակերտներուն, աշխարհագրութեան դասի ծիրէն ներս։ Անոնք խօսեցան լեռնագնացութեան ընթացքին իրենց դիմագրաւած դժուարութիւններուն մասին։ Դէպի Արարատի գագաթը հասցնող ընդհանուր ճանապարհը տեւած է 3 օր եւ 2 գիշեր։ Անոնք հաստատեցին, որ շատ աւելի դժուար եղած է Արարատի սպիտակ գագաթէն վերադարձը, որ տեւած է 7-8 ժամ միայն։ Այնուհետեւ անոնք անցնելով Անիէն, վերադարձած են Երեւան։ Ներկայացման աւարտին Արմէնն ու Կարէնը պատասխանեցին աշակերտներուն հարցումներուն։