«ԽԱՉԻԿ ՊԱՊԻԿԵԱՆ ՀԻՄՆԱԴՐԱՄ»-Ի ՄՐՑԱՆԱԿԱԲԱՇԽՈՒԹԻՒՆ

Կիրակի, 18 Նոյեմբեր 2012-ին, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան վեհարանի դահլիճին մէջ տեղի ունեցաւ «Խաչիկ Պապիկեան հիմնադրամ»-ի կազմակերպած հայոց լեզուի, գրականութեան եւ հայոց պատմութեան, հայ մշակոյթի եւ կրօնագիտական նիւթերու մրցանքներուն մրցանակաբաշխութեան հանդիսութիւնը: Կաթողիկոսարանի Հայագիտական եւ կրթական հարցերու գրասենեակի վարիչ Սարգիս Կիրակոսեան շեշտեց, որ մեծագոյն յաղթականը այսօր հա՛յ դպրոցն է, իսկ մրցանակակիրները` բոլո՛ր մասնակիցները: Ապա ան հրաւիրեց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ գահակալ եւ հայ աշակերտին առաջին բարեկամ ու հայր Արամ Ա. կաթողիկոսը, որպէսզի իր ձեռամբ պարգեւատրէ բախտաւորները եւ կատարէ մրցանակաբաշխութիւնը: Հայոց Պատմութեան մրցանքին, Ճեմարանի միջնակարգ բաժինէն Կալի Խիւտավերտեան հանդիսացաւ երկրորդ, իսկ երկրորդական բաժինէն Խաժակ Թապագեան արժանացաւ լաւ յիշատակութեան։ Մրցանակաբաշխութենէն ետք իր հայրական խօսքը ներկաներուն փոխանցելով` Արամ Ա. կաթողիկոս շեշտեց այս նախաձեռնութեան կարեւորութիւնը: Վեհափառ հայրապետը ըսաւ. «Դժբախտաբար հայոց լեզուն ու հայագիտական նիւթերը սկսած են կամաց-կամաց նահանջ արձանագրել մեր կեանքին մէջ: Հայ դպրոցին առաքելութիւնը ամէն բանէ առաջ հայակերտում է: Նման նախաձեռնութիւններ մեծապէս կը նպաստեն նոր սերունդի հայակերտման աշխատանքին»: Վեհափառ հայրապետը կոչ ուղղեց հայ վարժարաններուն աշակերտներուն ու ծնողներուն` յատուկ կարեւորութիւն ընծայելու մեր հոգեւոր, բարոյական, մշակութային ու ազգային արժէքներու ուսուցման ու տարածման, որովհետեւ անոնք կը կազմեն ողնասիւնը հայու ինքնութեան ու գոյութեան: