ԱՌՈՂՋ ՄԻՏՔ, ԱՌՈՂՋ ՄԱՐՄԻՆ
Ուրբաթ, 7 Դեկտեմբեր 2012-ին, տարրական բաժինի Բ. դասարանի աշակերտները հայերէնի դասապահուն սննդարար ուտելիքներով սեղաններ յարդարեցին։ Անոնք նախաճաշեցին ուրախ եւ առողջ մթնոլորտի մէջ։ Առողջութիւն բոլորին։
Ուրբաթ, 7 Դեկտեմբեր 2012-ին, տարրական բաժինի Բ. դասարանի աշակերտները հայերէնի դասապահուն սննդարար ուտելիքներով սեղաններ յարդարեցին։ Անոնք նախաճաշեցին ուրախ եւ առողջ մթնոլորտի մէջ։ Առողջութիւն բոլորին։
Երեքշաբթի, 4 Դեկտեմբեր 2012-ին մանկապարտէզի ու տարրական բաժինի աշակերտները ներկայ գտնուեցան Լունայի ֆրանսերէն լեզուով «Les 4 saisons» երաժշտախառն ներկայացման։ Ներկայացումը կ՚արծարծէր բնապահպանման նիւթը չորս եղանակներու ընդմէջէն։ Աշակերտները մեծ ուրախութեամբ դիտեցին ներկայացումը։
Երկուշաբթի, 3 Դեկտեմբեր 2012-ին, Ճեմարանի այցելեց ամերիկահայ գրող Քրիս Պոհճալեան եւ միջնակարգի Թ. դասարանի ու երկրորդականի աշակերտներուն անգլերէն լեզուով ներկայացուց իր «Աւազէ ամրոցին աղջիկները» վէպը։ Հեղինակը խօսեցաւ իր ընտանեկան հայ եւ ոչ հայ արմատներուն մասին. ան վերյիշեց իր մանկութեան օրերը, թէ ինչպէ՛ս իր շուէտացի մայրը ամէն շաբաթ օր…
Ուրբաթ, 23 Նոյեմբեր 2012-ին կապոյտ դասարաններու աշակերտները այցելեցին դպրոցին մօտակայ յարկաբաժին մը, դիտելու տան զանազան բաժանումները եւ ամրապնդելու համար դասարանէն ներս իրենց սորվածները։ Այցելութեան աւարտին տանտիկինը քաղցրեղէն հրամցուց աշակերտներուն։ Երեքշաբթի 27 Նոյեմբերին, անոնք այցելեցին Bou Khalil հանրախանութը, Չորեքշաբթի առաւօտեան իրենց ուտելիք սննդարար նախաճաշին անհրաժեշտ գնումները կատարելու եւ տեսնելու…
Հինգշաբթի, 8 Նոյեմբեր 2012-ին, նախակրթարանի Դ. կարգի աշակերտները այցելեցին «Անթիլիաս»-ի գետ՝ ամրապնդելու «Անուշ ջուրի միջավայր»ի մասին իրենց ստացած գիտելիքները։ Այս պտոյտ-դասը կը ծառայէ շօշափելի օրինակի մը պատկերը արձանագրելու աշակերտներուն մօտ։ Աշակերտները դիտեցին գետին ընթացքը, ծանօթացան հոն աճող բոյսերուն, ինչպէս նաեւ այցելեցին գետին միւս ափը գտնուող լիբանանեան ոճով կառուցուած…
Երկուշաբթի, 26 Նոյեմբեր 2012-ին, Ը. դասարաններու աշակերտները՝ հայերէնի պահուն, խմբային աշխատանքով ուսումնասիրեցին եւ ներկայացուցին Արցախի պատմական հոլովոյթը։ Աշակերտները վերլուծեցին «Թարթառ» դասի բովանդակութիւնը՝ գիւղացի աղջկան եւ Թարթառ գետի միջոցով թելադրուած ինքնապաշտպանութիւնը։ Աննուաճելի բնութեան մէկ այլ պատկերն է գիւղացի աղջիկը, որ շաղուած է հողին։ Այնուհետեւ աշակերտները համեմատեցին Արցախի բնութիւնն ու…
Ուրբաթ, 23 Նոյեմբեր 2012-ին, կազմակերպութեամբ Ընկերային Ծառայութեան Գրասենեակին, դպրոց ներկայացան L.G.U-ի (Lebanese German University) ընդունման գրասենեակէն Տոքթ. Անթուան Մուհաուէժ եւ Նուհատ Խալիֆէ։ Անոնք ներկայացուցին համալսարանը եւ շեշտը դրին այն մասնագիտութիւններուն վրայ, որոնք այլ համալսարաններու մէջ չկան, ինչպէս՝ physiotherapy եւ contracting։ Անոնք քաջալերեցին նաեւ հիւանդապահութեան մասնագիտութիւնը, որուն համար կը…
Չորեքշաբթի, 21 Նոյեմբեր 2012-ին տարրական բաժինի աշակերտները մեծ խանդավառութեամբ նշեցին Լիբանանի անկախութեան տօնը։ Անոնք երգեցին Լիբանանի քայլերգը եւ ֆրանսերէն երգ մը՝ նուիրուած Լիբանանին։ Բ. եւ Գ. դասարաններու աշակերտները արտասանեցին արաբերէն եւ ֆրանսերէն բանաստեղծութիւններ։ Առաջին դասարաններու աշակերտները ներկայացուցին Լիբանանի դրօշակն ու անոր գոյներուն խորհրդանիշները։ Բոլոր աշակերտները դրօշակներով տուն վերադարձան։
Չորեքշաբթի, 21 Նոյեմբեր 2012-ին Լիբանանի անկախութեան տօնին առիթով, միջնակարգի Է. դասարաններու աշակերտները այցելեցին Նահր Էլ Քելպ։ Արաբերէն լեզուի ուսուցչուհին կարդաց հոն զետեղուած բարձրաքանդակներուն արձանագրութիւնները եւ համապատասխան բացատրութիւնները տուաւ՝ Լիբանանի անկախութեան պատմութեան ու անձնաւորութիւններուն մասին, ապա աշակերտները երգեցին Լիբանանի քայլերգը։ Այս այցելութեամբ աշակերտները ամրապնդեցին անկախութեան մասին իրենց գիտելիքները։
Չորեքշաբթի, 21 Նոյեմբեր 2012-ին, Ընկերային Ծառայութեան Գրասենեակի կազմակերպութեամբ, Հայկազեան համալսարանէն Թալին Ճըղըլեան աշակերտներուն ներկայացուց Հայկազեան համալսարանը եւ բացատրութիւններ տուաւ ընդունման քննութիւններուն մասին։ Ան կարեւորութեամբ նշեց, որ Հայկազեան համալսարանը աւարտողներ դիւրութեամբ կը նետուին գործի ասպարէզ, որովհետեւ Լիբանանի առաջնակարգ համալսարաններէն մէկը կը նկատուի ան։
Չորեքշաբթի, 14 Նոյեմբեր 2012-ին նախակրթարանի Դ. դասարանի աշակերտները իրենց Հայոց Պատմութեան ուսուցչուհիին ընկերակցութեամբ այցելեցին Պէյրութ մայրաքաղաքի կեդրոնը գտնուող պատմական հնութիւններու վայրը։ Այս այցելութեամբ աշակերտները ամրապնդեցին Հայոց Պատմութեան նախապատմական շրջանի դասին ընդմէջէն նախաբնիկներու, հնութիւններու եւ պեղումներու վերաբերող իրենց ստացած գիտելիքները։ Անոնք դիտեցին յայտնաբերուած հնութիւնները եւ ստացան համապատասխան բացատրութիւններ։
Ուրբաթ, 16 Նոյեմբեր 2012-ին, կազմակեպութեամբ Ընկերային Ծառայութեան Գրասենեակին, Պէյրութի Ամերիկեան Համալսարանի հիւանդապահութեան դպրոցի (school of nursing) պատասխանատուներէն Լին Պիրպէրի Ճեմարանի ԺԱ. եւ ԺԲ. դասարաններու աշակերտներուն ներկայացուց school of nursing-ը։ Ան շեշտեց, որ հիւանդապահութիւնը առաջին կարգի ասպարէզներէն է, որուն կարիքը մեծ է Լիբանանի, Արաբական երկիրներու, Եւրոպայի թէ Ամերիկայի մէջ։…