ԿԱՊՈՅՏ ԴԱՍԱՐԱՆՆԵՐՈՒ ՓՈՔՐԻԿՆԵՐՈՒՆ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ

Ուրբաթ, 23 Նոյեմբեր 2012-ին կապոյտ դասարաններու աշակերտները այցելեցին դպրոցին մօտակայ յարկաբաժին մը, դիտելու տան զանազան բաժանումները եւ ամրապնդելու համար դասարանէն ներս իրենց սորվածները։ Այցելութեան աւարտին տանտիկինը քաղցրեղէն հրամցուց աշակերտներուն։ Երեքշաբթի 27 Նոյեմբերին, անոնք այցելեցին Bou Khalil հանրախանութը, Չորեքշաբթի առաւօտեան իրենց ուտելիք սննդարար նախաճաշին անհրաժեշտ գնումները կատարելու եւ տեսնելու հանրախանութին տարբեր բաժինները։