ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆ «ԱՆԹԻԼԻԱՍ»-Ի ԳԵՏ

Հինգշաբթի, 8 Նոյեմբեր 2012-ին, նախակրթարանի Դ. կարգի աշակերտները այցելեցին «Անթիլիաս»-ի գետ՝ ամրապնդելու «Անուշ ջուրի միջավայր»ի մասին իրենց ստացած գիտելիքները։ Այս պտոյտ-դասը կը ծառայէ շօշափելի օրինակի մը պատկերը արձանագրելու աշակերտներուն մօտ։ Աշակերտները դիտեցին գետին ընթացքը, ծանօթացան հոն աճող բոյսերուն, ինչպէս նաեւ այցելեցին գետին միւս ափը գտնուող լիբանանեան ոճով կառուցուած հին տուն մը, որ կը գործէ իբրեւ ջաղացք։