ՈՒՍՄԱՆ ԿՈՂՄՆՈՐՈՇՈՒՄ

Ուրբաթ, 16 Նոյեմբեր 2012-ին, կազմակեպութեամբ Ընկերային Ծառայութեան Գրասենեակին, Պէյրութի Ամերիկեան Համալսարանի հիւանդապահութեան դպրոցի (school of nursing) պատասխանատուներէն Լին Պիրպէրի Ճեմարանի ԺԱ. եւ ԺԲ. դասարաններու աշակերտներուն ներկայացուց school of nursing-ը։ Ան շեշտեց, որ հիւանդապահութիւնը առաջին կարգի ասպարէզներէն է, որուն կարիքը մեծ է Լիբանանի, Արաբական երկիրներու, Եւրոպայի թէ Ամերիկայի մէջ։ Ան նաեւ նշեց, թէ համալսարանը շատ լաւ կրթանպաստ յատկացուցած է հիւանդապահութեան ասպարէզը ընտրողներուն։