«ՀՆՈՒԹԻՒՆՆԵՐ» ԵՒ «ՊԵՂՈՒՄ»

Չորեքշաբթի, 14 Նոյեմբեր 2012-ին նախակրթարանի Դ. դասարանի աշակերտները իրենց Հայոց Պատմութեան ուսուցչուհիին ընկերակցութեամբ այցելեցին Պէյրութ մայրաքաղաքի կեդրոնը գտնուող պատմական հնութիւններու վայրը։ Այս այցելութեամբ աշակերտները ամրապնդեցին Հայոց Պատմութեան նախապատմական շրջանի դասին ընդմէջէն նախաբնիկներու, հնութիւններու եւ պեղումներու վերաբերող իրենց ստացած գիտելիքները։ Անոնք դիտեցին յայտնաբերուած հնութիւնները եւ ստացան համապատասխան բացատրութիւններ։